Թրքական պաշտօնական «Resmi Gazete» թերթը կը տեղեկացնէ, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ 15 Յունիս 2021-ին ստորագրուած «Շուշիի Հռչակագիր»-ը պաշտօնապէս վաւերացուած է:
Թրքական «Yenicaggazetesi» կայքը անդրադարձած է հռչակագիրի վաւերացմանը՝ յիշեցնելով, որ հռչակագիրին մէջ նաեւ «հարաւային կազային միջանցք»-ին մասին շեշտադրումներ կան:
«Նախագահի թիւ 5340 հրամանագիրով վաւերացուած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւններու մասին Շուշայի հռչակագիրը:
Հռչակագիրը կը նախատեսէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ բարեկամական եւ բազմակողմանի գործակցութեան խորացում: Երկու երկիրներու քաղաքական, տնտեսական, առեւտրային, մշակութային, առողջապահական, կրթական, մարզական եւ յատկապէս ռազմական ներուժի փոխօգտագործում եւ գործակցութեան ընդլայնում»: