“Արմէնփրէս”._Արցախի Հանրապետության նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ 25 Մարտին տեղի ունեցած Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստին որոշում առնուած է պաշտօնական գրութեամբ դիմել Ռուսիոյ նախագահ, Ռուսիոյ Անվտանգութեան Խորհուրդի նախագահ Վլատիմիր Փութինին ` մեկնելով Արցախի Հանրապետութեա մէջ ստեղծուած զինուորաքաղաքական իրավիճակէն եւ 9 Նոյեմբեր 2020_ին եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներէն:

Նամակին մէջ , նախ, անդրադարձ կատարուած է, որ Արցախի ռուսական խաղաղապահներու տեղակայման օրուընէ սկսեալ, ընդհանուր առմամբ, զօրակազմը գործած է բարձր արդիւնաւէտութեամբ եւ կատարած է իր առջեւ դրուած խնդիրները։

Ատրպէյճանական զինուորաքաղաքական իշխանութեան կողմէն յարուցուած բազմաթիւ հարցեր լուծուած են զօրակազմի անմիջական, արագ և գործուն մասնակցութեամբ, որուն շնորհիւ Արցախի մէջ ձեռնամուխ եղած են պատերազմի պատճառած հետեւանքներու յաղթահարման։ Սակայն 8.Մարտ 2022_էն սկսեալ ատրպէյճանական կողմը մեծ ուժգնութեամբ կ’իրականացնէ մարդկային, հոգեբանական, ապա նաեւ զինուորական յարձակում:

Մանրամասնօրէն շարադրելով Մարտի սկիզբէն սկսած ատրպէյճանական յարձակողական գործողութիւնները Արցախի բնակչութեան հանդէպ, ներառեալ՝ Փառուխի ու յարակից տարածքներու հանդէպ զինուորական յարձակումը՝ նամակի վերջաւորութեան ներկայացուած են շարք մը առաջարկներ. «Արցախի Հանրապետութռան Անվտանգութեան խորհուրդը որոշում է կայացրել դիմել Ձեզ՝ խնդրելով ձեռնարկել միջոցներ՝ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմից պահպանելու 9 Նոյեմբեր 2020-ին ընդունած յայտարարութեան դրոյթները։ Արցախի ժողովրդին անհրաժեշտ են անվտանգութեան պայմաններ, որպէսզի բնակուենք մեր պատմական հողում ու զբաղուենք պատերազմի վէրքերի բուժմամբ։

Բայց, ինչպէս ներկայացուեց, Ատրպէյճանի նախայարձակ գործողութիւնները հնարաւոր չեն դարձնում զբաղուել խաղաղ առօրեայով, ուստի գտնում ենք, որ անհրաժեշտ են անվտանգութեան ապահովման լրացուցիչ միջոցառումներ։ Ըստ այդմ, գտնում ենք, որ յայտարարութեան դրոյթներով նախատեսուած խաղաղապահ զօրակազմի անձնակազմի եւ այն սպասարկող թեքնիքական միջոցների գործող քանակն անբաւարար է Արցախում խաղաղապահ առաքելութեան լիարժէք կատարման համար՝ հաշուի առնելով Ատրպէյճանի ռազմական նկրտումների աճողական և ընդլայնուող բնոյթը։ Խնդրում ենք Ձեզ՝ ի լրումն ատրպէյճանական ընթացիկ յարձակումի զսպման ու ատրպէյճանական զինուած ուժերի յետքաշման իրենց ելման դիրքեր՝ վերանայել ՌԴ խաղաղապահ զօրակազմի ներկայ թուաքանակն ու սպասարկող միջոցների քանակը եւ համապատասխանաբար աւելացնել ինչպէս զինծառայողների, այնպէս էլ զինթեքնիքայի միջոցները։

Աւելցնենք, որ խաղաղապահ զօրակազմի հետ Արցախի իշխանութիւնները ձեւաւորել են կառուցողական աշխատանքային փոխյարաբերութիւններ­, եւ պատրաստ ենք զօրակազմի անձնակազմին ապահովել կեցութեան համար անհրաժեշտ պայմաններով։

Այդ նպատակով իրականացուելիք շինարարական աշխատանքներն արդէն իսկ ձեռնարկուած են», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: