Արցախի Հանրապետութեան Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ. “Յարգելի հայրենակիցներ Վերջին օրերուն Հանրապետութեան մէջ ստեղծուած որոշակի լարուածութեան լոյսին տակ հանրային լայն շրջանակները, հակառակ ունեցած մտահոգութիւններուն, կը շարունակեն պահպանել սառնասրտութիւն եւ հանգստութիւն: Յատկապէս, դիտարկելով 24_29 Մարտի մինչեւ ժամը 13:00-ը, քաղաքացիներու ելքը եւ մուտքը Արցախի Հանրապետութենէն դէպի Հայաստանի Հանրապետութիւն կը շարունակուի բնականոն ու սովորական դրութեամբ՝ որոշակի փոքր տատանումներով: Այնուամենայնիւ, օգտուելով առիթէն, կը դիմենք լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներուն, ընկերային ցանցերու մէջ աշխոյժ օգտատերերուն, հանրային եւ քաղաքական բոլոր շրջանակներուն՝ պահպանել խիստ զսպուածութիւն, աւելորդ եւ անտեղի լարուածութեան մթնոլորտ հրահրող հրապարակումներ կամ յայտարարութիւններ չընել: Ժամանակը ցոյց տուած է, որ Արցախի հերոսական ժողովուրդը չեն կրնար ընկճել թշնամիի կողմէն պարբերաբար հրահրուող սադրանքները եւ ոչինչ կրնայ զրկել մեզ հայրենի հողին վրայ խաղաղ ապրելու ու արարելու մեր ձգտումներէն ու ցանկութենէն: