“Երկիր”._ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Ռաուն 29 Մարտէն 1 Ապրիլ կ’այցելէ Հայաստան, Վրաստան, Ատրպէյճան։ ԵԱՀԿ-ի համաձայն, Վրաստան կատարած այցելութեան ընթացքին Զպիկնեւ Ռաուն պիտի հանդիպի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշւիլիի, վարչապետ Իրաքլի Ղարիբաշւիլիի, փոխվարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Զալքալիանիի եւ խորհրդարանի առաջին փոխխօսնակ Կիա Վոլսքու հետ։ Ատրպէյճան այցելութեան պարագային նախատեսուած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի հանդիպումները Իլհամ Ալիեւի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Ռաուն Հայաստանի մէջ հանդիպումներ կ’ունենայ նախագահ Վահագն Խաչատրեանի, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։ Ռաուի այցելութեան նպատակը Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղ գործակցութեան, երկխօսութեան և կայունութեան հասնիլն է։