“Երկիր”._31 Մարտէն 1 Ապրիլին աշխատանքային այցելութեամբ Երեւան կը ժամանէ ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Լեհաստանի ԱԳ նախարար Զպիկնեւ Ռաուն: Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն (ԱԳՆ) յայտնած են, որ 1 Ապրիլին ՀՀ ԱԳՆ-ի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի հանդիպումը, որուն պիտի հետեւին մամուլի համար յայտարարութիւնները:

Այցելութեան ընթացքին կը նախատեսուին նաեւ Զպիկնեւ Ռաունի հանդիպումները ՀՀ նախագահին ու ՀՀ վարչապետին հետ: