29 Մարտին Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան, ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի եւ Արցախի պետական համալսարանի նախաձեռնութեամբ ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկին մէջ սկիզբ առաւ «Կրթամշակութային Կեանքը Արցախի Մէջ» խորագիրով գիտաժողովը: Անիկա ի սկզբանէ նախատեսուած էր կազմակերպել Արցախի մէջ, սակայն ատրպէյճանական հերթական յարձակումով համաձայնուած լարուածութեան խորացման պատճառով տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան ՀՀ ԳԱԱ նախագահ, ակադեմիկոս Աշոտ Սաղեան, Արցախի ԿԳՍՄ նախարար Անահիտ Յակոբեան, Արցախի պետական համալսարանի ղեկավար Արմէն Սարգսեան, ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ԿՎ ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան եւ Համազգայինի երեւանյան գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան։ Արցախէն առցանց միացումով ելոյթ ունեցաւ Արցախի ԿԳՄՍ փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան։ Գիտաժողովին մասնակից գիտութեան եւ մշակոյթի ճանչցուած գործիչները անդրադարձան այնպիսի նիւթերու, ինչպիսին են՝ «Կրթամշակութային Կեանքը Արցախի մէջ», «Արցախահայերու Դերը Պաքուի Քարիւղարդիւնաբերութեան Զարգացման Գործին Մէջ», «Ատրպէյճանի Կողմէն Կիրառուող Մշակութային Եղեռնագործ Քաղաքականութեան Շարունակական Գործողութիւնները Արցախի Մէջ», «Արցախի Ազգաբանական Պատկերը», «Հայկական Մշակութային Ժառանգութեան Իւրացման Քաղաքականութիւնը 1991-2019 թթ.»։

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Համազգային հայ կրթական և մշակութային միության ԿՎ ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ այս գիտաժողովը նախատեսուած էր կազմակերպել Արցախի մէջ, սակայն վերջին օրերու դէպքերը պարտադրեցին վայրի փոփոխութիւն։

Ան դիտել տուաւ, որ Արցախի մէջ նմանատիպ նախաձեռնութիւն կազմակերպելու ցանկութիւնը պայմանաւորուած է ինչպէս գիտաժողովի նիւթով, այլ նաեւ վերջին պատերազմի ստեղծած իրավիճակով եւ Արցախին այս ձեւով գոնէ բարոյական քաջալերանք յայտնելով։