“Հորիզոն”._Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը 29 Մարտին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կ՚անդրադառնայ Արցախի Հանրապետութեան մէջ լարուածութեան սրացման եւ խաղաղ հայ բնակչութեան դէմ Ատրպէյճանի բռնարարքներուն։

Յայտարարութեան մէջ յանձնախումբը խստօրէն կը դատապարտէ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի որդեգրած յարձակողապաշտ քայլերը եւ կոչ կ՚ուղղէ Գանատայի կառավարութեան անյապաղ դատապարտելու Պաքուի քաղաքական այս ընթացքը եւ օգտագործելու իր տրամադրութեան տակ գտնուող դիւանագիտական բոլոր միջոցները՝ զսպելու Ատրպէյճանի բռնութեան եւ տարածաշրջանը ապակայունացնելու փորձերը։

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ 24 Մարտէն ի վեր սկիզբ առած ատրպէյճանական զինուած ուժերը քանի մը անգամ ներխուժած են Արցախի Հանրապետութեան տարածք՝ կոպտօրէն խախտելով Նոյեմբեր 2020 թուականի հրադադարի պայմանագիրը եւ յստակ դարձնելով Արցախի մէջ զինուորական գործողութիւններու վերսկսման իրենց մտադրութիւնը։

«Օգտագործելով հրետանի և «Պայրաքտար» TB2 անօդաչու թռչող սարքեր, ատրպէյճանական նորագոյն յարձակումները պատճառ դարձած են մարդկային զոհերու եւ հայկական գիւղերու խաղաղ բնակչութեան լքելու իրենց բնակավայրերը», կը շեշտուի հաղորդագրութեան մէջ։

Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ կը նշէ, որ Արտպէյճան օգտուելով տարածաշրջանէն ներս ստեղծուած փխրուն իրավիճակէն՝ տարբեր միջոցներ կ՚որդեգրէ Արցախի բնակչութիւնը ահաբեկման ենթարկելու եւ բարոյալքելու համար՝ նպատակ ունենալով հայաթափել Արցախի Հանրապետութիւնը։ Յայտարարութիւնը կը զգուշացնէ, որ յարձակողաղաշտութեան եւ համակարգուած ապատեղեկատուութեան արշաւին հետ միատեղ նման հոգեբանական պատերազմը, չի կրնար անպատիժ մնալ։

Մինչ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրները յստակօրէն կոչ ուղղած են սանձելու ատրպէյճանական յարձակումները, Գանատան կը մնայ լուռ ի տես լարուածութեան սրացման։ Հաղորդագրութեան աւարտին Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՚ուղղէ Քանատայի կառավարութեան ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ միջոցները՝ ատրպէյճանական հետագայ բռնութիւնները կանխելու համար: