“Երկիր”._ 28 Մարտի 2022-ին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան նիստին յայտարարեց, որ ՀՀ Ազգային Խորհուրդի յայտարարութեան մէջ շեշտադրուած է, որ Ատրպէյճան Լեռնային Ղարաբաղի վրաձ նոր սադրանքներ եւ յարձակումներ ձեռնարկելու մտադրութիւն ունի։ Արձանագրած էինք, որ նման զարգացումներու բաւական մեծ հաւանականութիւն կայ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին: « 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմէն առաջ, անոր ընթացքին, պատերազմէն վերջ Ատրպէյճան կը վարէ Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի դէմ զինուորական յարձակումը հիմնաւորող խօսոյթի բովանդակութեան ձեւաւորման քաղաքականութիւն. ան նախ դիւանագիտական կամ հանրային հարթակ նետած է թէզեր, ապա Հայաստանը մեղադրած է այդ թեզերուն չարձագանգելու կամ ապակառուցողական կերպով արձագանգելու կամ անոնք մերժելու մէջ, ապա Հայաստանին վերագրած է խոստումներ, համաձայնութիւններ, ետքը այս խօսոյթով Հայաստանին վերագրած է ապակառուցողականութիւն, խոստումները չկատարելու, համաձայնութիւնները չպահելու գործելակերպ, այդ մեղադրանքին վրայ կառուցած է յարձակողական հռետորաբանութիւն, որուն յաջորդած են յարձակողական գործողութիւններ, որոնք արդարացուած են», ըսաւ Փաշինեան։ Ան յայտնեց, որ ակնյայտ է՝ Ատրպէյճան կը փորձէ Լեռնային Ղարաբաղի ու Հայաստանի դէմ լայնածաւալ յարձակումի նախաձեռնել: