Կիրակի, 3 Ապրիլին Երեւանի շարք մը վարչական շրջաններու մէջ տեղի ունեցան 5 Ապրիլի հանրահաւաքին իրազեկման շարժումներ: Ընդդիմադիր երիտասարդներն ու պատգամաւորները քաղաքացիներուն կը տեղեկացնէին, որ 5 Ապրիլին, ժամը 18:30-ին, Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ հանրահաւաք:

Անոնք կը շրջէին Երեւանի փողոցները եւ գրքոյկներ կը բաժնէին` քաղաքացիներուն կոչ ուղղելով գալու Ազատութեան հրապարակ եւ մասնակցելու հանրահաւաքին:

«Հանրահաւաքին օրակարգն է ի պաշտպանութիւն Արցախի եւ Հայաստանի, ուր պիտի հնչեն մեր դիրքորոշումները մեր երկրին առջեւ կանգնած մարտահրաւէրները լուծելու ուղղութեամբ: Այս օրերուն այս հանրահաւաքը մենք կը գտնենք խիստ կարեւոր եւ անհրաժեշտ:

Կը հրաւիրենք մեր քաղաքացիները հանրահաւաքի, որպէսզի իրենց ներկայութեամբ «ոչ» ըսեն այս իշխանութիւններու պարտուողական քաղաքականութեան, որ մեր երկիրը կը տանի դէպի կործանում եւ անդունդ», իրազեկման քայլերու ժամանակ լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան:

ՀՅԴ-ի անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեանի համաձայն, իրազեկման քայլերուն նպատակն է քաղաքացիները տեղեակ պահել 5 Ապրիլին իրականացուող ցոյցին մասին, ինչպէս նաեւ Արցախի եւ Հայաստանի անվտանգային խնդիրներուն մասին: Այսպէս մարդկային շփումով կարելի է շատ աւելի պարզ, հասկնալի բացատրել:

Մարդոց մէջ վախ սերմանելով կը փորձեն ստեղծել տրամադրութիւն մը, որ այլ ելք չկայ:

Կը փորձենք մարդոց բացատրել, որ այս զիջողական քաղաքականութիւնն է հիմնական պատերազմի վտանգը:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան նշեց, որ վտանգուած Արցախը վտանգուած Հայաստանն է:

3 տարի շարունակ մենք մեր հասարակութիւնը կը զգուշացնէինք, որ Արցախի անվտանգութիւնը Հայաստանի անվտանգութիւնն է, զիջելով Արցախը մենք կը զիջինք Հայաստանը:

Արցախ-Հայաստան ամբողջական միասնական անվտանգային համակարգը խեղուեցաւ:

Իշխող քաղաքական ուժը դաւաճանեց մեր ազգային շահերուն:

Մենք կը զգուշացնէինք հանրութիւնը, որ այս իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութիւնը կը տանի Հայաստանի մեկուսացման: