“Երկիր”._ԱՀ պետական նախարարի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն յայտնած են, որ Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Պեգլարեան 2 Ապրիլին, Ասկերանի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Համլէթ Ապրեսեանի հետ այցելած է առաջնագծամերձ Նախիջեւանիկ, Վարդաձոր եւ Սառնաղբիւր համայնքներ եւ հանդիպած է բնակիչներուն հետ:

Պետական նախարարը անմիջական մթնոլորտի մէջ տեղեկացած է բնակիչներու հարցերու մասին, մանրամասնած է պետական ծրագիրներու կարեւոր ուղղութիւնները՝ միտուած յատկապէս առաջնագիծին մօտ գտնուող համայնքներու մէջ աշխատանքի խթանումին ու անկէ ածանցուող համայքներու զարգացման ծրագիրներուն:

Արտակ Պեգլարեան դիտել տուած է, որ կը նախատեսուին դպրոցաշինութեան եւ ճանապարհաշինութեան պետական ծրագիրներ, ինչպէս նաև որոշ բաժիններու մէջ ջրամատակարարման հարցերու լուծման եւ բնակիչներու կեանքի որակի շարունակական բարձրացումին համար անհրաժեշտ նախաձեռնութիւններ:

Պետական նախարարը բնակիչներեւ հարցումներուն ի պատասխան՝ անդրադարձած է Հանրապետութեան անվտանգային, ներքին եւ արտաքին օրակարգերուն վերաբերող շարք մը հարցերու։ Արտակ Պեգլարեան վստահեցուցած է, որ կառավարութիւնը, ռուս խաղաղապահ զօրակազմի օժանդակութեամբ, կ’ընէ եւ պիտի ընէ կարելին՝ մեր քաղաքացիներուն խաղաղ ու անվտանգ կեանքի ապահովման համար: Ան ընդգծած է, որ անհրաժեշտ է համազգային համախմբում եւ Արցախի բոլոր բնակիչներու մասնակցութիւնը Հայրենիքի պաշտպանունակութեան շարունակական բարձրացման ուղղութեամբ: