ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կերոնական կոմիտէի անդամ Վիգէն Սոսիկեան NEWS.am-ի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Արցախը կանգնած է ճակատագրական վտանգներու առջեւ, Արցախը շրջափակուած է, Ալիեւը նոր յանձնողական պայմանագիր ներկայացուցած է Հայաստանին՝ ի հեճուկս Նիկոլ Փաշինեանին։

«Նաեւ գիտենք, ըստ Նիկոլ Փաշինեանին, որ ան իր համաձայնութիւնը արդէն տուած է այդ համաձայնագիրին, որ իրենք կոչած են խաղաղութեան պայմանագիր:

Մենք նաեւ գիտենք, որ Ատրպէյճանը կ’աշխատի Թուրքիոյ հետ գործակցաբար: Այսինքն մենք այսօր կը գտնուինք ճակատագրական վտանգի առջեւ: Եթե չկարենանք կանխել յանձնողականութեան այս պայմանագիրը, մենք կը գտնուինք նոր ցեղասպանութեան վտանգի առջեւ: Սա խաղաղութեան պայմանագիր չէ, յանձնողականութեան պայմանագիր է», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով նախօրէին Կլէնտէյլի մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցին եւ անոր նպտակներուն, Վիգէն Սոսիկեան ըսաւ. «Նապատկներէն մէկը կանխելն է որեւէ տեսակի համաձայնութիւն այս իրավիճակի մէջ, որ կը վտանգէ արցախահայութեան: Երկրորդ նպատակը, մենք հաւաքուած էինք ի աջակցութիւն Երեւանի մէջ այսօր տեղի ունենալիք հանրահաւաքին: Մենք երեւանցիներուն հետ ենք, կ’ուզենք իմանայ Հայաստանի ժողովուրդը, որ մենք իրենց կողքին ենք: Մենք պատրաստ ենք կագնելու Արցախի ժողովուրդի կողքին եւ ընդդէմ դաւաճանական ծրագիրներու, որոնք կը սպառնան մեր ազգային շահերը»: Ի պատասխան հարցումին, թէ իր կարծիքով ինչ պիտի տայ հանրահաւաքը, ան պատասխանեց. «Այդպէս չէ, որ մէկ հանրահաւաքով պէտք է ամէն ինչ փոխուի:

Սա պայքար է, որ պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւր հայու պայքարը: Հանրահաւաքները սկիզբ են նոր ցոյցերու, նոր գործողութիւններու»:

ՀՅԴ-ական գործիչը յայտնեց, որ մօտաւորապէս 300-400 մարդ մասնակցած է ցոյցին, որու ընթացքին վանկարկած են «Ազգ-բանակ-յաղթանակ», «Դաւաճան-դաւաճան»:

«Ցոյցը կոչ էր, որ պէտք է զինուորագրուի հայրենիքի պաշտպանութեան գործին»: