Կիրակի, 20 Մարտ 2022-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Քեսապի «Սարդարապատ» սրահէն ներս տօնական ուրախ մթնոլորտ կը տիրէր: Հոգեւոր հայրեր, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ խաչուհիներ հաւաքուած էին մեծարելու եւ յարգելու հայ մայրը: Ձեռնարկը սկսաւ ՍՕ Խաչի քայլերգով, ապա ներկաները հրաւիրուեցան մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը մեզմէ առյաւէտ բաժնուած խաչուհիներուն եւ մայրերուն:

Օրուան հանդիսավար Սօսի Ղազարեան բեմ հրաւիրեց վարչութեան ատենապետ Սիլվա Լնդեանը արտասանելու բացման խօսքը: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայ մօր տիպարին, որ կը ներկայացնէ կեանքի յաւերժականութիւնը, մարդկային շղթայի յարատեւման ամրակուռ խարիսխը, ստեղծագործական աղբիւրը եւ սերունդներու մեծ ծառին հրամայական աւիշը:

Յիշելով Արամ Ա. Հայրապետին 2022 թուականը Սփիւռքի տարի հռչակելը, Լնդեան կարեւոր նկատեց սփիւռքահայ մօր դերը, պարտականութիւնը, հայաբոյր միջավայր մը ստեղծելու ընտանիքէն ներս, առաւելագոյն չափով զօրացնելու իր զաւկին մէջ հաւատքը հայրենիքին, ազգային աւանդութիւններուն եւ հայ ժողովուրդի արդար պահանջատիրութեան։ Ան իր խօսքի աւարտին հաստատեց, որ ՍՕ Խաչ կարեւոր դեր ունի հայապահպանման մէջ, շնորհիւ խաչուհիներու ջանասիրութեան եւ զոհողութեան:

Այնուհետեւ խաչուհիները ներկայացուցին գեղարուեստական տպաւորիչ յայտագիր մը, որ կ’ընդգրկէր խմբային ասմունք, խմբային երգեր, երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ Անդրանիկ Քէօշկէրեանի։ Ապա նաեւ թատերական ներկայացում` «Մայր Քեսապ» խորագիրով, որուն բեմագրութիւնը գրած էր խաչուհի Յասմիկ Սաղտճեան։

Հնչեց նաեւ, Քեսապի բարբառով երգ մը՝ գրուած Քեսապի աշուղ Ժիրայր Թրթռեանի կողմէ, երաժշտութիւնը յօրինած էր Անդրանիկ Քէօշկէրեան: Օրուան բանախօսն էր Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Հայր Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեան։ Հայր սուրբը անդրադարձաւ մօր դերակատարութեան եւ պարտականութեան։ Ան ըսաւ. «Երբ կը խօսինք ընտանիքի սրբութեան մասին, չենք կրնար չխօսիլ մօր կարեւոր դերակատարութեան մասին:

Մայրը հիմքն է ընտանիքին: Մայրը Տէրն ու պաշտպանն է իր զաւակներուն: Երբ կը խօսինք մօր մասին անպայմանօրէն պէտք է անդրադառնանք անոր զոհողութիւններուն, խնամքին, համբերութեան, որոնք ունին մէկ պատճառ, այդ ալ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ Սէրը, որուն մասին կարելի չէ բառերով արտայայտուիլ:

Մեր մայրերուն յարգը գիտնանք անոնց ողջութեան: Յարգենք զանոնք իրենց կատարած բոլոր զոհողութեան ի խնդիր: Այսօրուան յառաջդիմած աշխարհին մէջ, մայրը մեծ ու կարեւոր դերակատարութիւն ունի: Ան պարտաւոր է ճիշդ ձեւով ուղղել ու դաստիարակել իր զաւակը»: Խօսք առաւ նաեւ Պատուելի Շանթ Ակիշեան ու ըսաւ. «Խոնարհինք բոլոր մայրերուն առջեւ եւ ընդունինք, որ մօր մը սէրը Աստուծոյ սիրոյն կը նմանի, կը սիրէ ոչ թէ որովհետեւ արժանի ենք իր սիրոյն, այլ որովհետեւ իր բնութեան մաս կը կազմէ սէրը»:

Ձեռնարկի աւարտին պարգեւատրուեցան երեսուն եւ աւելի տարիներու ծառայութիւն ունեցած եւ վարչական պաշտօն ստանձնաղ խաչուհիները: ՍՕԽաչի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ Նարինէ Փանոսեան շնորհաւորեց բոլոր մայրերուն ու խաչուհիներուն տօնը, բարձր գնահատելով անոնց կամաւոր ծառայութիւնը:

Ապա ըսաւ. «Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը հայ համայնքին ծառայելու իր բազմաբնոյթ ծրագիրներով կը շարունակէ երիտասարդ մարդուժով օժտուիլ եւ նոր մտայղացումներով լծուիլ աշխատանքի՝ հայ կինը հաւաքական կեանքին մէջ ծաղկեցնելու ,―նոյնիսկ երկրի ծանր պայմաններուն մէջ,― տարեցին, ուսանողին, մանուկին ու աշխատող կնոջ նեցուկ կանգնելու համար:

Իսկ Քեսապի «Մեղրի» Մասնաճիւղը 1929-ին ծնունդ առած, հաստատ քայլերով կ՚իրականացնէ իր վսեմ առաքելութիւնը։ Սիրելի՛ ընկերուհիներ, ձեր աշխուժ գործունէութեամբ կը նպաստէք քեսապահայութեան ընկերային ու ազգային կեանքի ծաղկումին»:

Ապա ան շնորհաւորեց պարգեւատրուող խաչուհիները։

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ հայր սուրբին «Պահպանիչ» աղօթքով:

Թղթակից