ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութիւնը մեծարելով հայ մայրերը, այս տարի եւս արժանաւոր կերպով յիշատակեց մայրերու տօնը Հինգշաբթի, 31 Մարտ 2022-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին, «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս:
Հանդիսութեան ներկայ էին համայնքապետներու ներկայացուցիչները, ՀՀ Հալէպի գլխաւոր Հիւպատոսը, ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեանց ներկայացուցիչները, Պատկան Մարմինի եւ Ազգային Վարչութեան, հալէպահայ բարեսիրական, մշակութային եւ մարզական միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ խաչուհիներ:
Տօնակատարութեան հայերէն բացման խօսքը արտասանեց Լենա Միսաքեան: Ան գովերգելով գարնան զարթնումին հետ գեղեցկացած բնութիւնը, անդրադարձաւ իգական սեռի գեղեցկութեան եւ ծաւալած բազմերանգ գործունէութեան, նշելով, որ կանայք վճռորոշ ազդեցութիւն ունին կեանքի ձեւաւորման մէջ, իսկ ՍՕ Խաչը որպէս կանացի միութիւն իր կառոյցով եւ բեղուն գործունէութեամբ պատկառելի ներկայութիւն եղած է սուրիահայութեան կեանքէն ներս:
Արաբերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հուրի Մուսալլի: Ան շնորհաւորեց խաչուհիները այս տօնին առիթով: Ապա նկարագրելով հայ մայրը որպէս սիրոյ խորհրդանիշ եւ առաջին ուսուցիչ, աւելցուց, որ ՍՕ Խաչը իր հիմնուած օրէն մեծ դերակատարութիւն ունեցած է սուրիահայութեան եւ ի մասնաւորի հալէպահայութեան կեանքէն ներս, մատուցելով բժշկական, դաստիարակչական եւ այլ ծառայութիւններ՝ շնորհիւ իր նուիրուած խաչուհիներուն: Այս առիթով ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց երկրիս վսեմաշուք նախագահին եւ առաջին տիկնոջ, որոնց նիւթական եւ բարոյական աջակցութեամբ գաղութս կը շարունակէ գոյատեւել մինչեւ օրս, շրջանցելով տիրող բոլոր դժուարութիւնները:
Մօր նուիրուած առինքնող ասմունքով հանդէս եկաւ Աննա Սաղպազարեան, որմէ ետք սուրիական հայրենիքի փառքը գովերգող արաբերէն երգով մը ներկաները խանդավառեց Կարօ Գուշաքճեան:
Հանդիսավարը լայն գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան բանախօսին՝ Աւօ Գաթրճեանի կենսագրականը, անոր տարած բեղուն աշխատանքը, որպէս բանասիրական, պատմաքաղաքական ուսումնասիրութիւններու եւ շարք մը հայերէն արաբերէն գիրքերու նաեւ ազգային երգերու հեղինակ:
Բանախօսը ներկայացուց հայ մօր դերը երեք առանցքներու ընդմէջէն՝
1.- Մօր բնութագրումն ու անոր առաքելութիւնը
2.- Հայ մօր առաքելութիւնը
3.- Միութենական մօր առաքելութիւնը:
ջԱպա աւելցնելով ըսաւ, որ մայրը իր կեանքի իւրաքանչիւր վայրկեանը կ’անցընէ խնամելով եւ հոգատարութեամբ, սորվեցնելով սիրել, յարգել եւ բարի ըլլալ, իսկ մեր պատմութեան մէջ հայ մօր դերը եղած է եզակի, յատկապէս եկեղեցական, մշակութային, ընկերային, բարեսիրական, քաղաքական եւ ազատագրական պայքարներու մէջ, ինչպէս՝ 451-ին, 1918-ին, 1988-ին եւ նորօրեայ մղուած Արցախի ազատագրական պայքարին մէջ:
Գաթրճեան յայտնեց, որ կոտորուած ժողովուրդի մը աղքատ գիրկին մէջ ծնաւ Հայ Օգնութեան Միութիւնը՝ ՍՕԽ-ը: Ան իր մեծագոյն նպաստը բերաւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը ապրած ժողովուրդի հայակերտման, դառնալով սպեղանի մեր որբերուն եւ կարիքաւոր ընտանիքներուն:
Ապա այս առիթով ան լուսարձակի տակ առաւ ՍՕ Խաչի ընկերաբժշկական կեդրոնը, որ շնորհիւ նուիրեալ մայրերուն եւ քոյրերուն կրցաւ Հալէպի տագնապալի տարիներուն հոգատարութիւն ցուցաբերել ժողովուրդին, իսկ ՍՕ Խաչ-Ազգային պատսպարանը ՍՕ Խաչի մայրական հոգատարութեան հայելին դարձաւ: Բանախօսը այնուհետեւ լուսարձակի տակ առաւ Սուրիոյ պատերազմի պայմաններուն մէջ անգամ Սուրիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ ՍՕ Խաչի ծաւալած նուիրական աշխատանքը:
«Սփիւռքի վերաորակաւորման մէջ որքան ալ կարեւորենք հայ երիտասարդին դերը, անոր հիմքը կը մնայ անփոփոխ՝ Հայ Մայրը:
Արդարեւ, ՍՕ Խաչի իւրաքանչիւր անդամուհի պէտք է գիտակցի, որ ինք ջատագովն է ազգային արժէքներու պահպանման եւ տէրն է ազգային ու մարդկային արժանապատուութեան:
Սիրելի՛ խաչուհիներ, դուք կը շարունակէք ձեր նուիրական առաքելութիւնը՝ ձեր նիւթական եւ բարոյական գերագոյն զոհաբերութեան գնով, հաւատարիմ մնալով ՍՕ Խաչի կոչումին», ըսաւ բանախօսը:
Վերջապէս ան յարգանքի իր խօսքը ուղղեց նահատակ զաւակներ ունեցող մայրերուն, որոնք կանգուն պահեցին իրենց ընտանիքները:
Բանախօսին խորհրդածութիւններով լիցքաւորուած հանդիսատեսը վայելեց հրամցուած «Թարմ Ծաղիկներ» երգը, զոր հմայիչ երգեցողութեամբ մեկնաբանեց Կալին Պալապանեան:
Օրուան հանդիսավար Շողիկ Տէր Պօղոսեան բեմ հրաւիրեց Շրջ Վարչութեան ատենապետուհի Սիրան Ամպարճեանը՝ Շրջ. Վարչութեան խօսքը ուղղելու: Ամպարճեան Մայր բառը բնութագրելով անդրադարձաւ մօր սրբազան առաքելութեան, դիտել տալով իր ան լոյսի եւ ներշնչման աղբիւր Է, կամքի ամրոց, արժանապատուութեան դպրոց եւ մշակոյթի ու աւանդութեանց անքուն պաշտպան: Ան պարզեց ՍՕ Խաչի գործունէութեան նպատակը, որպէս ՀՕՄ-ի հարազատ շառաւիղ, ապա Մուշեղ Իշխանի հետեւեալ տողերով եզրափակեց իր խօսքը. «Երբ հայ կինը կը զինուորագրուի խաչով, ան ոչ միայն թանկագին նպաստ մը կը բերէ օգնութեան միութեան այնքան կենսական նպատակներուն, այլ նաեւ՝ հոգեպէս եւ մտայնութեամբ կը դառնայ պայքարող հայ կին»:
Յատկանշական էր  ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչ Նելլի Վէքիլեանի ներկայութիւնը հանդիսութեան: Ան ՀՕՄ-ի խօսքը ուղղելով ներկաներուն ըսաւ. «Հայ կինը մայր է իր զաւակներուն, հայ զինուորին, աշխարհի չորս ծագերուն ցրուած հայ համայնքներուն, հայրենիքին: Պատմութեան օրերուն եւ այս չարաբաստիկ օրերուն, միշտ ի մտի ունենանք ՀՕՄ-ուհիներու, հայ մայրերու, քոյրերու եւ դուստրերու աննկուն այս միութիւնը, որ հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամենադաժան օրերուն իր 112 տարիներու գործունէութեամբ մայրութիւն ըրաւ որբերու, այրիներու, անօգնականներու եւ հոն, ուր հարկ է:
ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութեան անունով կը խնդրեմ պահ մը անդրադառնալ մեր յանձնառութեանց եւ մինչեւ օրս արձանագրած յաջողութեանց ցանկերուն: Ձեզմէ իւրաքանչիւրին կ’ըսեմ՝ ձեր վարձքը կատա՛ր: Յառա՛ջ դէպի նոր նուաճումներ»:
Հանդիսութեան աւարտին, ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութիւնը գնահատեց բազմավաստակ խաչուհիներ, որոնք 30 տարիներէ աւելի բեղուն գոծունէութիւն ծաւալած են միութեան շարքերուն մէջ:
Այս առիթով, ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչին ձեռամբ «Կանթեղ» շքանշանով օժտուեցաւ հեռաւոր Աւստրալիայէն ժամանած վաստակաւոր խաչուհի Վեհան Պալէոզեան՝ առ ի գնահատանք 1972-էն ի վեր իր տարած նուիրական աշխատանքին: Ապա յաջորդաբար գնահատագիրներով պարգեւատրուեցան հետեւեալ խաչուհիները.
Շողիկ Կիրակոսեան, Մարի Մխճեան, Մարինա Պչաքճեան, Ալին Քիւրիւմլեան, Զեփիւռ Կուրղիկեան, Անի Գըվըրեան, Անի Նազարեան, Թերեզ Տ. Սարգիսեան, Անի Արուշեան, Սօսի Ղազէլեան:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեանի «Պահպանիչ» աղօթքով եւ ՍՕԽ-ի քայլերգով:
Լիզա Լալէեան