Շաբաթ, 2 Ապրիլ 2022-ին Սուրիոյ նախագահ Պաշշալ ալ-Ասատի եւ Օմանի սուլթան Հայսամ Թարէք ալ-Սաիիտի միջեւ հեռաձայնային զրոյց մը տեղի ունեցաւ:
Նախագահն ու սուլթանը նախ շնորհաւորութիւններ փոխանակեցին Ռամատանի ամսուան առիթով, երկու երկիրներուն եւ ընդհանրապէս արաբ եւ իսլամ ժողովուրդներուն մաղթելով բարօրութիւն եւ յառաջդիմութիւն:
Զրոյցի ընթացքին կողմերը սերտեցին երկու երկիրներու եղբայրական յարաբերութիւններու եւ տարբեր ոլորտներու մէջ գործակցութեան զարգացման կարելիութիւնները: