Երեքշաբթի, 5 Ապրիլ 2022-ին, «Ուաթան Անլայն» հաղորդեց, որ վառելանիւթի պահեստի եւ բաշխումի սուրիական ընկերութիւնը ճշդեց անձնական եւ հանրային ինքնաշարժներու պէնզին ստանալու ժամանակամիջոցը։ Ընկերութեան որոշումին համաձայն, անձնական ինքնաշարժները պէնզին կրնան ստանալ 10 օր անգամ մը, հանրային ինքնաշարժները՝ 6 օր անգամ մը, իսկ մեքենականացած հեծանիւները՝ 10 օր անգամ մը։ Ընկերութիւնը յայտնեց, որ վառելանիւթի բաշխումի քանակը պիտի մնայ ինչպէս որ էր, առանց փոփոխութեան։