Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, Հինգշաբթի 31 Մարտ, 2022-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-էն սկսեալ Քեսապի մէջ տեղի ունեցան Ազգային Ժողովի Երեսփոխանական ընտրութիւններ:

Հայ առաքելական համայնքի զաւակները, գիտակից իրենց ազգային պարտականութեան, մեծ թիւով մասնակցեցան ընտրութիւններուն:

Տեղի է նշել, որ նախորդ տարիներուն Քեսապ իր ներկայացուցիչը չէ ունեցած Ազգային Ժողովին մէջ, այլ յաճախ կապուած եղած է Լաթաքիոյ շրջանին հետ:

Յետ քուէարկութեան, Ազգային Երեսփոխանական ժողովին անդամ ընտրուեցաւ տիար Նշան Լնդեան: