Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, կազմակերպութեամբ Գամիշլիի ազգային վարժարաններու հոգաբարձութեան, Շաբաթ, 2 Ապրիլ 2022-ի երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ գնահատանքի երեկոյ՝ ի պատիւ Ազգային Միացեալ միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարանի տնօրէն տիար Կարպիս Շիրիքճեանի 15 – ամեայ վաստակին։
Երեկոյթին ներկայ էին՝ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ.Պէրպէրեան, թաղականութեան եւ հոգաբարձութեան կազմերուն, ինչպէս նաեւ վարժարանի ուսուցչական կազմէն ներկայացուցիչներ։
Բարի գալուստի խօսք արտասանեց Հոգաբարձութեան անդամ բժշկհ. Մարի Մելքոնեան-Պետրոսեան, որ արաբերէն լեզուով ներկայացուց հանդիսութեան շարժառիթը, ապա լուսարձակի տակ առաւ ուսուցիչին վսեմ առաքելութիւնը եւ եզրափակելով ըսաւ, որ յաջող տնօրէնը իր խոհեմութեամբ, ծառայութեամբ եւ անձնուրաց նուիրումով դէպի վերելք կ՛առաջնորդէ իր դպրոցը։ Ան յայտնեց, որ այսօրուան գնահատանքի ձեռնարկը նուիրուած է այս տիպարը ներկայացնող յաջող եւ յարգուած տնօրէնին։
Այնուհետեւ հոգաբարձութեան խօսքը ուղղեց Անահիտ Թէօքմէճեան, որ վեր առնելով տիար Կարպիս Շիրիքճեանի անսակարկ ծառայոթիւնը, հակիրճ ակնարկով մը ներկայացուց իր գործունէութիւնն ու հետեւողական աշխատանքը՝ ի նպաստ վարժարանի բարգաւաճման եւ հեզասահ ընթացքին։
Տիար Շիրիքճեան տքնաջան աշխատանք տարած է, որպէսզի վարժարանը շարունակուի երկրորդականի բաժանմունքով եւ բարեբախտաբար 2019-2020 տարեշրջանին վարժարանին մէջ բացուեցաւ երկրորդականի առաջին դասարանը։
Այնուհետեւ ուսուցչաց խօսքը արտասանեց վարժարանի ներկայ տնօրէն Նայիրի Խաչատուրեան- Թէօքմէճեան, որ նախ յայտնեց իր, ուսուցիչներու եւ տեսուչներու յուզումնախառն ապրումները, նկատի ունենալով որ տիար Կարպիս Շիրիքճեան իրենց համար եղած է մեծ եղբայր, խրատող եւ խրախուսող ուսուցիչ, քաջալեր հանդիսանալով իրենց աշխատանքին եւ զիրենք ուղղելով դէպի յաջողութեան նաւահանգիստ։
Հոգեշնորհ հայր սուրբը իր խօսքին մէջ բարձրօրէն գնահատեց Շիրիքճեանի15-ամեայ նուիրումն ու ծառայութիւնը (2007-2021), մաղթելով իրեն յարատեւ յաջողութիւն ապագայ իր ծրագիրներուն մէջ։
Հանդիսութեան աւարտին հոգաբարձութեան ատենապետ Սարգիս Սիմոնեան գնահատագիր -յուշանուէր մը յանձնեց Շիրիքճեանին, իսկ հոգեշնորհ հայր սուրբը յատկանշական յուշանուէրով մը պատուեց զինք։
Ապա ուսուցչաց կողմէ նուէրներ յատկացուեցան անոր եւ հանդիսութիւնը հասաւ իր աւարտին հիւրասիրութեամբ եւ յիշատակելի խմբանկարով մը։