“Երկիր Մետիա”._11 Ապրիլին ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի Ֆրանսայի համանախագահ Պրիս Ռոքֆոյը: «Կարեւոր համարուած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան դերը՝ իր հովանաւորին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ։

Հանդիպումին քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ՝ Ռուսիոյ խաղաղաահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտի՝ Փառուխ գիւղ եւ մերձակայ բաժիններ, ատրպէյճանական զինեալ ուժերու ներխուժման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը։ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուցած է Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի հայութեան համար միտումնաւոր ստեղծուող մարդկային հարցերը եւ Լեռնային Ղարաբաղը ցեղային զտումներու ենթարկելուն ուղղուած գործողութիւնները։

Ընդգծուած է ատրպէյճանական զինեալ ստորաբաժանումներուն՝ 23 Մարտին ելման դիրքեր վերադառնալու անհրաժեշտութիւնը։ Արարատ Միրզոյեան ներկայացուցած է Հայաստանի դիրքորոշումը՝ խաղաղութեան պայմանագիրի շուրջ Ատրպէյճանի բանակցութիւններ սկսելու մասին՝ ընդգծելով ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան եւ համանախագահ երկիրներու միջնորդական դերը», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։