“Ապառաժ”._11 Ապրիլին ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է հանդիպում ՀՅԴ Արցախի ԿԿ-ի եւ ՀՕՄ Արցախի միաւորի վարչութեան անդամներուն միջեւ:

Հանդիպումին ներկայ էր նաև ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեան: Քննարկուած են վերջին շրջանին Ատրպէյճանի յարուցած ընկերային, կենցաղային հարցերուն լուծում տալու հետ կապուած հարցեր:

Ներկաները շեշտած են, որ առկայ իրավիճակին մէջ Արցախի մէջ անհրաժեշտ է քայլեր ձեռնարկել ուժանիւթի հայթայթման այլընտրանքային միջոցներու, ուժանիւթի անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ, ուր նախատեսուած է յառաջիկայ ամիսներուն ներգրաւել ՀՅԴ եւ ՀՕՄ-ի աշխարհասփիւռ կառոյցներուն:

Որպէս առաջին քայլ, աշխատանքներ տարուած են արեւային ջրատաքացուցիչներու ձեռքբերման եւ յատկացման ուղղութեամբ: