“Արմէնփրէս._Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը պատասխանելով հարցումին, թէ ինչպիսի դիրքորոշում ունին Մինսքի խումբի ապագայի հետ առնչուած, որուն համանախագահն է Ֆրանսան յայտարարած է, որ Ֆրանսան վերահաստատած է իր լիակատար յանձնառութիւնը Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատումը երկկողմ հիմքով, իբրեւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ եւ Մինսքի խումբի համանախագահ։

«Այդ կարգավիճակով Ֆրանսան կը շարունակէ աշխատիլ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին հետ, որպէսզի յառաջընթաց գրանցուի մարդկային հարցերու գծով, եւ կը շարունակէ աջակցիլ սահմաններու սահմանազատման աշխատանքներուն, տարածաշրջանի մեկուսացումը վերացնելու գործընթացին, ժառանգութեան պահպանման, երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքումին եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի կարգաւորման:

Այդ նպատակով 4 Փետրուարին Հանրապետութեան նախագահի նախաձեռնութեամբ տեսաժողովի ձեւաչափով հանդիպում կազմակերպուած է Հայաստանի վարչապետի, Ատրպէյճանի նախագահի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահին հետ։ Մինսքի խումբի ֆրանսացի համանախագահը այս օրերուն աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Երեւանի մէջ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ։