Արձագանգելով 5 Ապրիլին Ազատութեան հրապարակին վրայ հնչած «Պաշտպանելով Արցախը՝ Պաշպանենք Հայաստանը» կարգախօսին եւ հանրապետութեան քաղաքներու մէջ Արցախի դրօշակի տեղադրումի կոչին՝ 13 Ապրիլին Գորիսի բնակիչները քաղաքի մէջ տեղադրած են Արցախի Հանրապետութեան դրօշակը։

Համազգային դիմադրութեան շարժումով իրականացուող նախաձեռնութեան բազմաթիւ գորսցիներուն հետ ներկայ էին նաեւ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները, խմբակցութեան ղեկավար, Արցախի հերոս Սէյրան Օհանեան, ԱԺ փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան եւ այլք:

«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան ըսաւ, որ այս արարողութիւնը նախ եւ առաջ մեր ազգային ոգիի վերածնունդն է։ Մինասեանի խօսքին համաձայն Արցախը այսօր վիրաւոր է, մեր մայր հայրենքի կարեւորագոյն բաժին մը թուրք-ատրպէյճանական դաւադիր, ցեղասպան պատերազմի հետեւանքով յայտնուած է ծանրագոյն վիճակի մէջ։

«Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեա ըսաւ, որ երկար տարիներ կրցած են բանակի հզօրութեան եւ նաեւ խելացի բանակցային գործընթացին շնորհիւ պահպանել թէկուզ եւ փխրուն խաղաղութեան իրավիճակ։