13 Ապրիլին «Հայաստան» դաշինքի խմբակցութիւնը յայտարարած էր, որ 12 Ապրիլին պատգամաւորներու խումբերով պիտի մեկնին Հայաստանի սահմանամերձ բնակավայրեր եւ Արցախի Հանրապետութիւն:

«12 Ապրիլին Արցախի Հանրապետութեան Աղաւնոյի անցակէտին Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրքերը արգիլեցին պատգամաւորներուն մուտքը՝ առանց որեւէ հիմնաւորումին, մինչդեռ՝ ՀՀ որեւէ քաղաքացիի մուտքն ու ելքը չի կրնար սահմանափակուիլ։

Ուշագրաւ է, որ պատգամաւորներու՝ Արցախ այցելելու քայլին շատ արագ եւ միաժամանակ արձագանգեցին իշխանական ներկայացուցիչներն ու ատրպէյճանական կողմը՝ նոյնիսկ արգիլելու պահանջ ներկայացնելով: Այս վարքագիծն ու իրավիճակը, ի թիւս այլոց, ինքնին կը հակասէ Հայաստան-Արցախ կապի անխափանութեան յանձնառութեան։ Ստեղծուած իրավիճակը ակնյայտօրէն անընդունելի է։

Միաժամանակ, յստակ չէ, թէ օրուան իշխանութիւնները ուրիշ ի՛նչ միջոցներու ձեռնարկած են ակնյայտ հարցի լուծման ու հետագային նման դէպքեր յստակ կանխարգիլելու ուղղութեամբ, բացի պարզապէս յայտարարութիւններ ընելէ:

Կը յայտնենք, որ պատգամաւորներու Արցախ մտնելու սահմանափակումը մինչ այս պահը չէ վերացուած։ Օրուան իշխանութիւնները, որպէս իրենց կատարած յայտարարութիւններու տրամաբանական շարունակութիւն, պարտաւոր են անյապաղօրէն հանդէս գալ գործողութիւններով, հաւաստիացումներով, որ Հայաստան-Արցախ անխափան մուտքը Հայաստանի բոլոր քաղաքացիներուն համար վերականգնած է:

«Հայաստան» դաշինք»