12 Ապրիլին Ազգային Ժողովի նիստերը պոյքոթի ենթարկելու յայտարարութենէն ետք, խորհրդարանական ընդդիմութիւնը որոշեց այցելել Արցախ, Սիւնիք եւ Գեղարքունիք, սակայն ռուս խաղաղապահները ընդդիմադիր պատգամաւորներուն թոյլ չտուին մտնել Արցախ:

Դէպքին մասին Ազգային ժողովի փոխնախագահ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Յարգելի՛ հայրենակիցներ, Այս պահուն տեղի կ’ունենայ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հերթական յանցաւոր համաձայնութեան գաղտնազերծումը։

Վերջիններս շատ արագ եւ միաժամանակ արձագանգեցին ԱԺ-ի ընդդիմադիր պատգամաւորներու Արցախ մեկնելու յայտարարութեան եւ անցակէտին փոխանցեցին Արցախ մեկնող քաղաքական գործիչներուն անունները՝ պահանջելով չթոյլատրել մեր մուտքը Արցախ։

Բացայայտուեցաւ Արցախը մեկուսացնելու, այնուհետեւ հայաթափելու դաւադիր գործարքի հերթական փաստը: Յատկանշական է, որ մեր այցելութեան հետ կապուած Ատրպէյճանի եւ ՀՀ օրուան իշխանութիւններուն արձագանգը նոյնանման էր եւ փոխլրացուած:

Տեղեկացնեմ, որ Արցախի խորհրդարանական բոլոր խմբակցութիւններու ղեկավարներուն հետ մեր հանդիպումը ամէն պարագսյին տեղի ունեցաւ՝ Աղաւնոյի անցակէտին մէջ։ Մենք միասնական ու վճռական ենք Արցախի եւ Հայաստանի դէմ իրականացուող քաղաքականութիւնը վիժեցնելու եւ մեր երկրի շահերուն տէր կանգնելու :

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան»