ՀՅԴ-ի անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է 12 Ապրիլին ռուս խաղաղապահներու կողմէ Հայաստանի Ազգային ժողովի խումբ մը պատգամաւորներու Արցախ մուտքը արգիլելու դէպքին` յայտնելով, որ պատգամաւորներուն չեն բացատրած Արցախ մուտքը արգիլելու պատճառները:

«Ուղղակի մեր մուտքը ռուս խաղաղապահները արգիլած են, յատուկ ցուցակ տրուած էր անոնց: Բայց մինչեւ հասնիլը ռուս խաղաղապահներուն, ճամբուն վրայ եւս արտառոց դէպք մը արձանագրեցինք, որ Տեղ գիւղին մէջ` հայկական անցակէտին վրայ սահմանապահ զինուորականները ուղղակի պատգամաւորներուն բոլոր անձնական տուեալները` անձնագրային տուեալները, ծննդեան ամսաթիւ, թիւ, տարեթիւ, ամբողջութեամբ կը ճշգրտէին` ենթադրաբար արձանագրելով, թէ յստակ ո՛ր պատգամաւորները կը մեկնէին Արցախ, եւ անկէ կարճ ժամանակ ետք արդէն ռուս խաղաղապահները նոյն անուն-ազգանուններով, նոյնիսկ հայրանունները անգիր յիշելով, կը ճշդէին եւ ըսին, որ մեր մուտքը արգիլուած է», պարզած է ընդդիմադիր պատգամաւորը:

«Վերահաստատած ենք մեր վճռականութիւնը Արցախի մեկուսացման, Արցախի հայաթափման դէմ պայքարին մէջ, բայց այս բոլոր փաստերու համադրումը կը վկայէ մէկ բան, որ ասիկա պատահական չէր. Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնները եւ Նիկոլ Փաշինեանը ուղղակի հերթական ստուերային համաձայնութիւն ունին Ալիեւի հետ, նաեւ տեղաշարժի սահմանափակումներ մտցնելու, որովհետեւ եթէ այսօր պատգամաւորներու մուտքը արգիլուած է, վաղը չի բացառուիր, որ այլ քաղաքական գործիչի, անհատի մը կամ հազարաւոր մեր հայրենակիցներու երթեւեկութիւնը դէպի Արցախի Հանրապետութիւն արգիլուի», յայտարարեց Գեղամ Մանուկեան: