Հայաստանի ընդդիմութեան Ազգային ժողովին մէջ Արցախի Հանրապետութեան դրօշներ զետեղելը՝ Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութեան առաջին մարտահրաւէրը չէ:
Ընդդիմութեան ներկայացուցիչները, որոնք օրեր առաջ ՀՀ Ազգային Ժողովին մէջ Արցախի դրօշը կը պարզէին, որպէս խորհրդանիշը Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութեան, տարիներ առաջ կը մասնակցէին արցախեան պատերազմին: Անոնք միջազգային ընտանիքի հետ իրենց կապերով, հայ դատի գրասենեակներով  կը պարզէին Արցախի հարցին կարգաւորման եւ արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքին պաշտպանութեան կարեւորութիւնը՝ սանձելու ատրպէյճանական սադրանքները ամէն ժամանակներու մէջ, նոյնիսկ ներկայ աշխարհաքաղաքական պայմանները կանխատեսելով:
Այս ընդդիմութիւնն էր, որ օտար քաղաքական գործիչներ Արցախ կը հրաւիրէր ծանօթացնելու արցախահայութեան ու անոր գոյատեւման սպառնալիքներուն ատրպէյճանական ախորժակներուն լոյսին տակ: Իսկ Ատրպէյճան ամէն գնով խափանել կը փորձէր օտար քաղաքական գործիչներուն մուտքը Արցախ՝ մեկուսացնելու Արցախը:
Այսօր նոյն ընդդիմութեան պատգամաւորներուն մուտքը կ’արգիլուի խաղաղապահ ուժերուն կողմէ: Այլ խօսքով՝ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն մուտքը կ’արգիլուի Արցախ համարեա՛ նոյն՝ Արցախի մեկուսացման նպատակով:
Հայաստանի իշխանութիւններուն այն բացատրութիւնը, թէ Ազգային ժողովի պատգամաւորներուն մուտքը Արցախ չէր թոյլատրուած սադրանքներու կանխարգիլման  համար, տրամաբանական չի հնչեր քանի մը տուեալներով.
ա- Խաղաղապահ զինուորին մօտ կը յայտնաբերուէր Արցախ մեկնող պատգամաւորներուն ցանկը, ինչ որ կը հաստատէր, թէ նախօրօք խաղաղապահ ուժերը տեղեակ պահուած են պատգամաւորներու ժամանման մասին:
բ- Վարչապետը 13 Ապրիլին, Ազգային Ժողովէն ներս իր ելոյթին կը յայտնէր, թէ միջազգային շրջանակներ կը թելադրեն Արցախի հարցի կարգավիճակին առնչուող նշաձողերը վար առնել այս օրերուն, որպէս կացութեան ժամանակաւոր մեղմացման դրսեւորում: Մինչդեռ, նոյն օրերուն, Ատրպէյճանի նախագահը յորդոր կը կարդար արցախահայութեան ըսելով. «Յոյս ունինք, որ հայերը ալ կը հասկնան, որ իրենք Ատրպէյճանի քաղաքացիներ են ու պէ՛տք է, պիտի՛ ապրին ատրպէյճանական դրօշին ներքեւ։ Ինչքան շուտ հասկնան ատիկա, այնքան լաւ իրենց համար»։
գ- Հայաստանի պետական այրերը 9 Նոյեմբերի համաձայնութեան ստորագրութենէն ի վեր Արցախ մեկնելէ զգուշացած են ընդհանրապէս:
Այս բոլորը ՀՀ իշխանութիւններուն, խաղաղութեան հաստատման պատրուակով, Արցախի կարգավիճակը երկրորդական համարելու տրամաբանութեան մասին կը խօսին:
Դէպի Արցախ տեղաշարժի սահմանափակումներ սկսելու եւ Արցախը մեկուսացնելու նպատակային քաղաքականութեան մը առաջին դրսեւորումը կը թուի ըլլալ ՀՀ պատգամաւորներու Արցախ մուտքին արգիլումը: