ՏԵՂԱԿԱՆ 
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ Պասքեթի աղջկանց Բ. դասակարգի մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի մարզադաշտին մէջ աղջկանց Ա. խումբը անգամ մը եւս յաջողեցաւ 57 – 67 արդիւնքով պարտութեան մատնել Դամասկոսէն ժամանած Ֆէյհաը: Այս յաղթանակով ՀՄԸՄ-ի աղջկանց կազմը իրաւունք ունեցաւ մաս կազմելու աւարտական քառեակին, մրցակից ունենալով Հալէպի Հուրիէն, Լաթաքիոյ Հըթթինը եւ Դամասկոսի Աշրաֆիէն: Մրցումները տեղի պիտի ունենան երթի եւ դարձի փուլերով: Առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը կը բարձրանան Ա. Դասակարգ:
-Սուրիոյ Ֆութպոլի Ա. Դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն, Հալէպի մէջ տեղի ունեցած Իթթիհատ ընդդէմ Ուասպէ հանդիպումին իրաւարարը 76-րդ վայրկեանին դադրեցուց հանդիպումը՝ դաշտէն ներս տիրող անկարգապահ վիճակին պատճառով: Հանդիպումին արդիւնքը մնաց անորոշ:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՔՈՒէՅՐՈԶ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ԼՔԵՑ
Կիրակի օր Եգիպտոսի Ֆութպոլի Դաշնութիւնը յայտարարեց հաւաքականի փորթուկալցի մարզիչ Գարլոս Քուէյրոզի պաշտօնանկ ըլլալուն լուրը: Յատուկ յայտարարութեամբ դաշնութիւնը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց փորթուկալցի մասնագէտին՝ անդրադառնալով անոր տարած աշխատանքին, աւելցնելով որ զոյգ կողմերը համաձայնաբար որոշեցին չեղեալ համարել իրենց միջեւ կնքուած պայմանագրութիւնը: Քուէյրոզ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Եգիպտոսի ֆութպոլի պատասխանատուներուն իրենց ցուցաբերած աջակցութեան համար, յայտնելով, որ իր մարզիչութեան ասպարէզին մէջ լաւագոյն շրջաններէն մէկը անցուցած է Եգիպտոսի մէջ: Աւելցնենք, որ պայմանագրութիւնը նախատեսուած էր մինչեւ 2022-ի աւարտը:
ՍԻԹԻ-ԼԻՎԸՐՓՈՒԼ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՀԱՒԱՍԱՐ ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ
Անգլիոյ առաջնութեան 32-րդ փուլի մրցումներուն, ախոյեան եւ առաջատար  Մանչեսթըր Սիթին դիմաւորեց Լիվըրփուլը: Հանդիպումը աւարտին հասաւ 2 – 2 հաւասարութեամբ:  5-րդ վայրկեանին քաթալոնացի Խոսէ Քուարտիոլային գլխաւորած խումբին կոլերուն բացումը կատարեց պելճիքացի  կիսապաշտպան Քեւին տէ Պրիւնը։ 13-րդ վայրկեանին արձանագրուեցաւ հաւասարութիւնը փորթուկալցի  յարձակող Տիեկօ Ժոտանի միջոցաւ։ Զոյգ խումբերուն յարձակումները շարունակուելով, 36-րդ վայրկեանին Սիթին անգամ մը եւս կրցաւ անցնիլ առաջ կրկնապատկելով կազմի խաղին արդիւնքը: Երկրորդ կիսախաղի առաջին վայրկեանին Լիվըրփուլ դարձեալ յաջողեցաւ հաւասարիլ շնորհիւ սենիկալցի Սատիօ Մանէին:
Աւելցնենք, որ 31-րդ փուլի աւարտին, Սիթին մէկ կէտի տարբերութեամբ գլխաւորեց աղիւսակը, իրեն յաջորդեց Լիվըրփուլը:
Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան