“Երկիր Մետիա”.Նիկոլ Փաշինեան այսօր Կիւմրիի մէջ եղած է։ «Համաձայն չեմ» շարժումը բողոքի ցոյց կատարած է Կիւմրիի մէջ: Անոնք զգուշացնող ժապաւէնով, որուն վրայ գրուած է «համաձայն չեմ» կեցած են փողոցի մէջ եւ լուռ ցոյց կատարած են` իրենց դժգոհութիւնը յայտնելով Փաշինեանի վարած քաղաքականութեան։

«Համաձայն չեմ երկրի մէջ տիրող իրավիճակին, համաձայն չեմ, որ չենք կրնար մեզ դրսեւորել որպէս արժանապատիւ քաղաքացի եւ այս լռութեան համաձայն չենք», ըսաւ ցոյցի մասնակիցներէն մէկը:

Նշենք, որ ցոյցը հսկած են մեծ թիւով ոստիկաններ: