“Օրակարգ”.- 13 Ապրիլ 2022-ի գիշերը Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու անդամները հաւաքուեցան Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան շէնքին առջեւ՝ զետեղելու Արցախի Հանրապետութեան դրօշները։

Հայաստանի Ազգային Ժողովի ընդդիմութեան սկսած նոյն արարքին համաձայն։ Այս շարժման նպատակն է համաշխարհային ուղերձ յղել, որ Սփիւռքը անվերապահօրէն կանգնած է Արցախի եւ անոր ինքնորոշման իրաւունքի կողքին։

Նկատի ունենալով Նիկոլ Փաշինեանի վարչակարգին՝ Արցախին պատկանող հողերը յանձնելու փորձերը, մեծագոյն նշանակութիւն ունի Արցախի ժողովուրդի կողքին գտնուիլն ու անոր պաշտպանութիւնը բոլոր մակարդակներու վրայ։

«Հայ Երիտասարդներու Դաշնակցութիւնը Հիմնադրուած 1933-ին ամենամեծ եւ ամենաազդեցիկ Ամերիկահայ Երիտասարդական կազմակերպութիւնն է Միացեալ Նահանգներու մէջ, որ կ’աշխատի ի խնդիր ամերիկահայ երիտասարդութեան ընկերային, քաղաքական, կրթական եւ մշակութային իրազեկման»: