Տնօրինութեամբ եւ օրհնութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, հովանաւորութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ եւ Տերիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ աւագ շաբաթն ու Ս. Յարութեան տօնը յիշատակուեցան։

Տերիքի եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւնները կատարեց Գամիշլիի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան, իսկ Հասիչէի մէջ Հալէպէն ժամանած Արժ. Տ. Արշակ Աւագ Քհնյ. Ալաճաճեան։

Պատարագէն ետք եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս քահանայ հայրերը ժողովուրդին շնորհաւորութիւնները ընդունեցին։ Ապա զատկուան հաւկիթը բաշխուեցաւ ներկաներուն։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն