Երկուշաբթի, 18 Ապրիլ 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ Սուրիոյ Հանրապետութեան պետական հարցերու նախարար Մանսուր Ազզամին միջոցաւ, Սուրիոյ մէջ արեւմտեան օրացոյցին հետեւող քրիստոնեայ համայնքները շնորհաւորեց՝ Ս. Յարութեան տօնին առիթով, անոնց մաղթելով քաջառողջութիւն եւ խաղաղութիւն։

Իրենց կարգին, քրիստոնեայ համայնքապետները շնորհակալութիւն յայտնեցին նախագահ Ասատին, մաղթելով նախագահին եւ անոր ընտանիքին քաջառողջութիւն եւ ուժ։ Անոնք շեշտեցին, որ Սուրիոյ ժողովուրդը իր անդուլ պայքարով եւ սուրիական բանակին ձեռքբերումներով՝ Սուրիոյ ամբողջական ազատագրումը պիտի իրականացնէ։

Հալէպի մէջ եւս պետական աւագանին, այցելելով քրիստոնեայ համանքապետներուն, շնորհաւորեց Ս. Յարութեան տօնը եւ նախագահին ջերմ բարեմաղթութիւնները փոխանցեց անոնց։