1977-ի Ապրիլի սկիզբն էր: Որպէս Հալէպի Քրիստափոր Պատանեկան Միութեան վարչութիւն՝ մեր շաբաթօրեայ հերթական ժողովն էր: Օրակարգին վրայ ունէինք պարտականութիւնը՝ իւրայատուկ կերպով կատարելու միութեանս Ապրիլեան ոգեկոչումը:
Կարդացուելէ ետք միութեան 10 խումբերու ատենագրութիւններով ներկայացուած  առաջարկները, վարչութեան եօթ անդամները յայտնեցին իրենց նախնական կարծիքները: Առաւելաբար ընդունելութիւն գտած էր կրտսերագոյն խումբերէն մէկուն  կողմէ ներկայացուած Շատտատէի եղեռնավայրը ընդհանուր արշաւ մը կազմակերպելու առաջարկը: Իսկոյն միութեանս փոխվարիչ Անդրանիկ Մինասեան վերապատում մը կատարեց Շատտատէի մասին, կը մնար մանրամասնօրէն ուսումնասիրել շուրջ 100 հոգիով երթալու յարմարութիւններն ու անհրաժեշտ կարգադրութիւնները, ապա վարիչին ճամբով ստանալ պատասխանատու մարմնի վաւերացումը: Առ այդ որոշուեցաւ եզրակացութիւնը կատարել յաջորդ նիստին։
Մինչ այդ, պէտք էր կապուէինք նաեւ մեր միութենական բոլոր փոխադրութիւնները կատարող Ապու Ազիզին՝  Արտոյին հետ: Ան իր ասպարէզին բերումով անպատճառ կրնար մեզի ճամբու մասին մանրամասնութիւններ տալ եւ ծախսը յստակացնել։
Մինչեւ մեր յաջորդ նիստը երկարող այդ  շաբաթը, շատ երկար թուեցաւ մեզի։ Հասաւ Շաբաթ օրը, երբ հերթական նիստին, վարիչ ընկ. Արթուն Պարսումեանը  աւետեց մեզի պատասխանատու մարմնին համաձայնութիւնը: Չափ չունէր մեր գոհունակութիւնը, իսկ երթեւեկի հարցով Արտօն պատրաստակամութիւնը յայտնած էր փոխադրամիջոցները ապահովելու՝ ճշդելով շատ յարմար գին մը, ի քաջալերանք այս յանդուգն նախաձեռնութեան։
Վարչութիւնս այս տեղեկանքն ալ իմանալով ձեռնարկին մասին, որոշեց կատարել այս ուխտագնացութիւն-արշաւը եւ անցաւ միութեան ընկերները տեղեակ պահող մանրամասն զեկոյցի պատրաստութեան։
Քանի մը օր ետք, արշաւի մասին լուրը ՀՄԸՄ-ի սկաուտներն ալ խանդավառած էր,  որոնք եւս սկսած էին պատրաստուիլ նման արշաւի մը։
Ապրիլի 24-ի առաւօտեան ժամ 5:00-ին, պատանիներու եւ սկաուտներու փոխադրակառքերը միասին ուղղուեցան Շատտատէ։ Անոնք սուրալով անցան Եփրատի կամուրջէն, արդեօք հոնկէ՞ էր, ուրկէ կոյս աղջիկներ իրարու ձեռք բռնեցին եւ իրենք զիրենք Եփրատ գետը նետեցին: Բնականաբար ո՛չ, բայց մեր պատանեկան երեւակայութիւնը արդէն կը գործէր, երբ ահա, կառքերը սկսան դանդաղիլ եւ մայրուղիի աջ եզրէն թեքուելով սկսան անապատի չոր հողին վրայ ընթանալ, մինչեւ որոշ տեղ մը, ուր կանգ առին եւ լսուեցաւ Ապու Ազիզին ձայնը. «հոսկէ անդին  քալելով պիտի երթանք»։
Աշակերտական կա րգապահութեամբ, զոյգ-զոյգ, մէկ գիծի վրայ յառաջացանք՝ հետեւելով  Արտոյին եւ իր օգնականին, որոնք այդ ամայի վայրին միակ ծանօթներն էին։ Գողտրիկ հայեացք մը չորս դիդ բաւարար էր փոխարինելու անապատը քալելով անցնելու մասին հատորներու ընթերցումը։
Շուրջ քառորդ ժամ քալելէ ետք, երբ ետ կը նայէինք, մեզ փոխադրող կառքերը շատ փոքր կ’երեւային անապատի ընդարձակութեան մէջ։ Քիչ մըն ալ քալեցինք, մինչեւ որ մեզի առաջնորդող Արտօն նշան ըրաւ, որ արդէն հասած ենք մեր փնտռած վայրը: Երբ մօտեցանք, մեր առջեւ բացուեցաւ ահաւոր պատկեր մը, զոր երբեք չէինք երեւակայեր: Մենք կը գտնուէինք այդ տարածքի թերեւս ամենամեծ բնական խոռոչներէն մէկուն եզրին:
Ճիշդ պատկերացնելու համար, նախ պէտք է մեր ոտքով քալած տարածքը նմանցնեմ անապատ կոչուող հրէշի երեսի հարթ բաժինին եւ հիմա հասած էինք բերանին, որ բաց էր: Շուրջ 30 մեթր տրամագիծով եւ 4 մեթր խորութեամբ խոռոչ մը էր։ Այս այն խոռոչներէն մին էր, ուր կուտակուած են հայ բռնի գաղթականները եւ  հրկիզուած թուրքին կողմէ, այսպէս պատմած էին վերապրողները եւ անապատի բարի պետեւիները։ Բոլորով ծնրադրեցինք խոռոչին առաջ, մինչ մեզի ընկերակցող Տէր Ներսէս քահանան աղօթք բարձրացուց առ Աստուած նահատակներու յիշատակին։
 Տասնեակ մը ընկերներով, հետաքրքրութենէ մղուած ուզեցինք անպատճառ մտնել այդ խոռոչը, զիրար բռնելով, հազիւ յարմար էջքի վայր մը գտած վար սղոսկեցանք… : Մտանք մարդակուլ հրէշին բերանը, արդէն անապատի ընթերքին մէջն էինք։ Տարածքի կողմերէն մէկը աւելի նեղ եւ երկար անցք մը կ’երեւար: Յառաջացանք հոն, այնքան որքան կարելի էր, նախ հասակով, ապա կոկոզ, մինչեւ որ անցքը աւելի նեղցաւ եւ շնչառութիւնը դժուարացաւ: Գետինն ալ հաւանաբար կրային  աւելի լպրծուն դարձաւ։ Վերադառնա՞լ թէ յառաջանալ, տատամսանքի ընթացքին չէինք անդրադարձած այդ մութ անցքին խորքէն լսուող թփռտոցներուն: Մեր հոն անակնկալ կերպով յայտնուիլը, խանգարած էր անդորրը, անապատի տօթէն փախած եւ հոն բոյն դրած հարիւրաւոր կաքաւներուն, որոնք անկոչ հիւրերէն նեղացած յանկարծ թափահարելով իրենց թեւերը դէպի ելք ուղղուեցան՝ երբեմն մեր երեսներուն զարնուելով։
Անապատի հրէշին բերնին խոռոչը մտնելու մեր արկածախնդրութիւնը հոս վերջ գտաւ, մենք ալ դուրս եկանք:  Այդ պահուն, տարօրինակ զգացում մը պատած էր մեզ, խոռոչէն այս ձեւով դուրս գալով, թերեւս այլայլած էինք եւ առաւել ազդուած: Մեզի թուեցաւ, որ մեր նահատակներու հոգիներն էին անոնք, որոնք զարթնեցուցինք մեր երեւումով։
Մեր այցելութիւնը կը մօտենար իր աւարտին, պէտք էր վերադառնալ յարմար ժամով հասնելու Հալէպ: Մեր շարքերը վերակազմուեցան եւ ուղղուեցանք փոխադրակառք։ Ի՜նչ լաւ էր անապատի կիզիչ արեւուն տակ, այրող աւազներուն վրայ քալելը, մանաւանդ երբ գիտես, թէ ապահով ես եւ քեզի հանգիստ փոխադրակառքեր կը սպասեն։
Այս արշաւին դասախօսութիւն չկար… բայց մենք տեսանք Եփրատը, քալեցինք անապատի մէջ, մտանք հրէշին բերանը եւ կաքաւներու ճամբով առնչուեցանք մեր նահատակներու հոգիներուն հետ, ապրեցանք խռովայոյզ պահեր, մեզի հետ վերցուցինք անմոռաց յուշեր եւ աւելի ամրացած մեր արդար պահանջատիրութեան մէջ, երկար տարիներու համար ոգեշնչման աղբիւր ունեցանք։
Փոխադրակառքերը շարժեցան դէպի մայրուղի: Հոս աւելի ամփոփ եւ խաղաղ, կրկին հնչեց մեքենավար Արտոյին առաջնորդութեամբ «Հայր Մեր»ը։ Ինքնաշարժները կը սուրային անապատին մէջ: Վերադարձի ճամբուն, մեր աչքերը կրկին Եփրատը կը փնտռէին եւ իւրաքանչիւրս իր մօտ նստող ընկերոջ հետ ի՜նչ յոյզեր կը բաժնեկցէր։
Հասանք ՀՄԸՄ-ի պարտէզին առջեւ, ուր խուռներամ ծնողները մեզի կը սպասէին ։
– Ուրկէ՞ կու գաք,- հարցուց օտար անցորդ մը:
– Շատտատէէն,- ըսինք:
– Ինչու հոն հա՞յ կայ,- հարցուց զարմացած դէմքով:
– Հայերը հոն են, մենք անոնց այցելութեան գացած էինք,- պատասխանեց ընկերներէս մէկը։
Գրիգոր Տունկեան