(Խոհեր՝ Ապրիլ 24-ի Առիթով)
Սրբագործուած մեր նահատակներուն կողմէ իբրեւ ժառանգ մեզի փոխանցուած  բազմիմաստ կտակին մէջ, վստահաբար կայ նաեւ  պատգամ մը յետնորդ սերունդներուն, որ կարելի է խտացնել այսպէս.
«Մենք Ցեղասպանութեան զոհ դարձանք հայ ըլլալնուս  եւ հայօրէ՛ն դիմաւորեցինք մահը, իսկ դուք հայու պէս դիմաւորեցէ՛ք կեանքը եւ ապրեցէ՛ք հայօրէ՛ն՝ անկոտրում հայկականութեամբ եւ աներեր հաւատքով»:
Եւ  որքան որ տարիները անցնին, այնքան աւելի շե՛շտ ու հրամայակա՛ն պիտի հնչէ պատգամին արձագանգը՝ յատկապէս Սփիւռքի նորահաս սերունդներուն, որոնց համար էր արդէն, որ Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը հայրապետական խորաքնին, այլեւ ահազանգիչ վերլուծումով մը տարին հռչակեց «Սփիւռքի տարի»…:
Անշուշտ, կտակուած պատգամին թելադրականութիւնը Ապրիլ 24-ի ոգեկոչական օրերուն համար չէ միայն, ոչ ալ հայրապետական ահազանգը տարուան մը համար է: Անոնք կը տարածուին տարուան բոլոր օրերուն ու գալիք բոլոր տարիներուն վրայ՝ ընտանիքի մէջ, ազգային ու կազմակերպական բոլոր միաւորներու օրակարգին վրայ եւ առաջնահերթութեանց մէջ իբրեւ մշտատեւ օրահրաման՝ «հայօրէն ապրելու» պատգամին իւրացումը պիտի դառնայ առաջնակարգ թիրախն ու մղիչ նպատակը ձեռնարկուելիք բոլոր տեսակի միջոցառումներուն մէջ: Այլապէս, ի զուր պիտի ըլլան բազում ջանք մեր…:
Իսկ ինչ կը վերաբերի Ապրիլ 24-ի ոգեկոչումներուն, անոնք  առիթ են, որ մեր մտքին ու հոգիին մէջ վերաթարմացնենք Ցեղասպանութեան յուշն ու յոյզը, վերապրինք ու վերահաստատենք մեր վերականգնումին հպարտութիւնը, ինչպէս եւ նորովի կրկնենք հատուցման, արդարութեան եւ իրաւունքի պահանջքով ազգովին պայքարելու մեր ուխտը այն ոգիով, ինչպէս որ բանաձեւուեցաւ ան Ցեղասպանութեան 100-ամեակի համահայկական հռչակագրով. «ԿԸ ՅԻՇԵՄ  ՈՒ  ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ»…:
Հայութիւնն ու Հայաստանը նոր ցեղասպանութեան մը  սարսափին մատնելու համար եւ դիւրին յաղթանակի մը յոյսով՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը գործադրող բորենիներու հաւատարիմ ժառանգորդները  2020-ին, զինական ահաւոր հնարաւորութիւններով  պատերազմ շղթայազերծեցին Արցախի ճակատին վրայ՝ արհամարհելով եւ առ ոչինչ համարելով մեծ պետութեանց նախաձեռնած իբրեւ թէ «զէնքի ուժը բացառելու եւ միայն երկխօսութեամբ Արցախի հարցը կարգաւորելու» միջնորդութիւնը:
Այդ պատերազմին մինակ մնացինք, ինչպէս որ մինակ եղած ենք մեր պատմութեան բոլոր փուլերուն: Բայց  աշխարհ վկայեց եւ մեր թշնամին տեսաւ, թէ  հայ երիտասարդներու  սերունդ մը ամբողջ յանուն կեանքի եւ հողի հազարաւորներու արիւն հեղեց կռուի ճակատներուն վրայ այնպէս, ինչպէս նախորդին էր՝  30 տարի առաջ…: Եւ հիմա, նոյն թշնամին մահ ու աւեր սփռելէ ետք, «յաղթականի» դիրքէ կը փորձէ մէկանգամընդմիշտ  կոտրել մեր դիմադրական ոգին՝ «բարեացակամութեամբ» յօժարելով, որ իբրեւ թէ «դրացիական» յարաբերութիւններու սկիզբ մը  կ’ուզէ դնել Հայաստանին հետ…:
Չմոռնանք, որ միջազգային բեմի վրայ կարեւոր դերակատար է Թուրքիան եւ քաղաքական նենգ խաղերու հմուտ մը: Որով տեղին է  կասկածիլ, թէ ինչու  մեծապետական հովանաւորութիւն կը վայելէ Թուրքիոյ սարքած  այսօրուան «խաղաղութեան» դաւադիր  խաղը  Հայաստանի վրայ, որ դժբախտաբար տակաւին  սթափած չըլլալով ռազմական հարուածին ուժգնութենէն՝ կը գալարուի ներքին-քաղաքական հակամարտութեան ոլորապտոյտի մը մէջ:
«Դրացիական» յարաբերութիւննե՜ր, «խաղաղութեան» նո՜ր շրջան, ապահովութեան երաշխիքնե՜ր:  Աղուոր լոզունգներ են ասոնք, փորձիչ հեռանկարներ, որոնք կրնան սայթաքեցնել մեզ եւ վերջնականապէս ջլատել բարոյական մեր կորովն ու դիմադրական ոգին:  Մտահան չընենք, որ մինակ եղած ենք անցեալին, մինակ ենք հիմա եւ հակառակ տրուած խոստումներուն մինակ պիտի մնանք նաեւ ապագային: Չտարուինք  շռայլ ժպիտներէ ու սին խոստումներէ եւ սուղ գին չվճարենք անոնց համար:
Ռազմադաշտի պարտութենէն ետք կարելի է վերականգնիլ, բայց կարելի չէ՝ եթէ  հոգիով զինաթափ  ենք եւ անձնատուր՝ ազգի ոչնչացումը ցանկացող թշնամիին: Շռայլ  խոստումներն ու ապահովութեան երաշխիքները բարիով ընդունելի են, բայց Ո՛Չ Արցախի դիմաց, Ո՛չ անկախութեան կորուստի գնով:
Կը թուի, թէ քաղաքական սեղաններու շուրջ արդէն իսկ սկսած է  դիւանագիտական ճակատամարտը: Վա՜յ մեզի, եթէ հոն պարտեալի հոգեբանութեամբ մղենք մեր կռիւը: Պիտի մնանք անզիջող մեր իրաւունքներուն մէջ: Գիտնանք այն պարզ ճշմարտութիւնը, թէ  Կովկասի հարաւային տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատումը որքան որ մեզի, նոյնքան եւ  իրենց՝  շահագրգիռ  ուժերուն համար  կենսական է…: Անոնք նաեւ աչալուրջ կը հսկեն , որ հակամարտող երկիրներ զիրար հակակշռելու  բաւականաչափ զինուժ ունենան:
Նոյնպէս գիտնանք, որ դիւանագիտական ճակատամարտի մէջ յոգնողները ընդմիշտ կը կորսնցնեն ամբողջ պատերազմը: Մեր պարտութիւնը պատճառ չէ, ու չի կրնար ըլլալ, որ Հայաստանը չըլլայ անզիջող ու կարծր բանակցող: Այնպէս, ինչպէս չեղաւ Ազերին իր պարտութեան մէջ…:
Հպանցիկ այս խոհերուն առիթը Ապրիլ 24-ի չարաշուք տարեդարձը եղաւ: Որով մտաբերենք, թէ ինչպէս  Ցեղասպանութենէն վերապրող հայու բեկորները աննկարագրելի դժբախտութեանց մէջն իսկ զինաթափ չեղան հոգիով, անօրինակ ոգեկանութեամբ յաղթեցին իրենց վիճակուած դժխեմ ճակատագրին, ոտքի կանգնեցան եւ կարճ ժամանակի մէջ հայրենակարօտ ու կազմակերպ հայօճախներ հիմնեցին: Նոյնը պատահեցաւ Հայաստանի մէջ, ուր աւելի ահաւոր պայմաններու տակ, շնորհիւ հիանալի ու ոգեշնչող ղեկավարներու՝  յուսահատ ու վախցած ամբոխէն արի արանց բանակ կազմուեցաւ եւ հայրենիք կերտուեցաւ…:
Մինչ հիմա, հակառակ Արցախեան վերջին պարտութեան եւ ներկայի անորոշութեան, գիտակցինք, որ գէթ վերջին հազարամեայ մեր պատմութեան մէջ, հայութիւնը ամէն տեսակէտով չէ ունեցած այն ներուժն ու կարողականութիւնը, որ ունեցաւ անցնող 30 տարիներուն եւ ունի նաե՛ւ այսօր:
Կը մնայ, որ վճռապէս մերժենք հոգեկանով զինաթափ ըլլալ: Լիարժէք օգտագործենք մեր կարողականութիւնը եւ ազգովին հաւատարիմ  մնանք Հայաստանի Հանրապետութեան բանաձեւած ու որդեգրած անկախութեան հռչակագիրին, Ցեղասպանութեան 100-ամեակի համահայկական հռչակագիրին եւ զանոնք ուղենիշ դարձնենք՝ յառաջիկայ մեր քայլերուն համար: Այլապէս, ազգին նաւը յանձնած կ’ըլլանք ալեկոծ ծովու քմայքին:
Աթէնք,16 Ապրիլ 2022
Միհրան  Քիւրտօղլեան