Տարիները սրընթաց իրարու կը յաջորդեն եւ ընթացքին փոփոխութիւններ տեղի չեն ունենար: Հայ Դատի աշխատանքները կը շարունակուին, սակայն դատական թղթածրարը իր տեղը կը մնայ նոյն գրասեղանին վրայ: Անոր բովանդակութիւնը կ’ուժեղանայ շնորհիւ աշխարհասփիւռ Հայ Դատի գրասենեակներու ու յանձնախումբերու իրականացուցած ծրագիրներուն, սակայն անիկա տակաւին նոյն տեղն է, նոյն գրասեղանին վրայ: Անոր ծաւալը կ’ընդլայնուի, սակայն անիկա կը մնայ նոյն տեղը, նոյն գրասեղանին վրայ: Իսկ մինչեւ այն ատեն, որ իր տեղը չէ փոխած, մենք ալ կը մնանք մեր տեղերը եւ կը շարունակենք հեռուէն դիտել մեր տարածքները: Հեռուէն դիտել, այսինքն շարունակել վերապրիլ թախիծն ու մորմոքը, այրիլ կարօտէն, տառապիլ հայրենազրկումէ եւ շարունակել կոչուիլ սփիւռքահայ:
Սեւրի դաշնագիրին եւ Ուիլսընեան իրաւարար վճիռին նման ուժեղ փաստաթուղթերը, աշխարհի շարք մը երկիրներու խորհրդարաններու, կառավարութիւններու կամ պատասխանատու անձնաւորութիւններու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման փաստերը, տասնամեակներէ ի վեր օտար արդարապաշտներու կողմէ հրատարակուող վաւերագրական տուեալները, ապացուցագրերը, ականատեսի վկայութիւնները, Գերմանիոյ եւ Վենետիկի արխիւները, Սփիւռքի մէջ մեր գոյութեան ապացոյցը, յատկապէս Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ, հոն պահուած, պաշտօնապէս հաստատուած գրութիւնները, վաւերագրական տեսագրութիւնները ե՞րբ պիտի մէկտեղուին եւ պատրաստ դառնան միջազգային դատարան ներկայացուելու:
-Բնականաբար այս գործը միայն իրաւական երես չունի, այլ քաղաքական-յարաբերական նոյնքան կարեւոր աշխատանք ծաւալել կը պահանջէ, ենթահողի պատրաստութիւն կը պահանջէ:
-Բնականաբար թղթածրարը միջազգային դատարան ներկայացնելը իրաւական կողմ կը պահանջէ, միջազգայինօրէն ճանչցուած ու վաւերացուած կողմ:
-Բնականաբար թղթածրարը միջազգային դատարան ներկայացնելը նիւթական պահանջներ ունի:
-Բնականաբար թղթածրարը միջազգային դատարան ներկայացուելու պատրաստ ըլլալու համար պատրաստողներու կարիք ունի:
-Բնականաբար թղթածրարը միջազգային դատարան ներկայացնելու համար անոր իրաւացիութեան ու արդարութեան հաւատացողներու պէտք ունի:
Իսկ մենք այս հինգ պայմաններէն ո՞րմէկը ունինք եւ ո՞րմէկը՝ ո՛չ:
ա.-Քաղաքական-յարաբերական աշխատանքները կը ծաւալի՞ն: Անվարանօրէ՛ն, այո՛: ՀՅ Դաշնակցութեան Հայ Դատի Գրասենեակներն ու յանձնախումբերը շուրջ կէս դարէ ի վեր ամենայն լրջութեամբ ու հետեւողականութեամբ այս աշխատանքը ի գործ կը դնեն: Անոնք տարբեր երկիրներու մէջ, ուժեղ ու ազդեցիկ երկիրներէն մինչեւ ամենահամեստ կարողութիւններով երկիրներու մէջ, յարաբերական գործ կը կատարեն, որոնց արդիւնքները մենք տեսած ենք եւ կը շարունակենք տեսնել:
բ.-Իրաւական կողմի պահանջ.- Միթէ մենք չունի՞նք մեզ՝ հայութիւնս, Հայաստանը ներկայացնող իրաւական կողմ, չունի՞նք միջազգայինօրէն ճանչցուած երկիր, ժողովուրդ ու իշխանութիւն: Ունի՛նք: Թէկուզ այսօրուան իշխանութիւնը այն չէ, որ մեր ակնկալութիւնները կը գոհացնէ, սակայն այս իրավիճակը այսպէս պիտի չմնայ, ուշ կամ կանուխ իշխանափոխութիւնը տեղի պիտի ունենայ եւ կացութիւնը պիտի բարեփոխուի:
գ.-Նիւթական պահանջ.- Որեւէ դատական գործ նիւթական ծախսեր կը պահանջէ: Իսկ ո՞ր դատական կամ ոչ-դատական ծրագիրը կամ նախաձեռնութիւնը նիւթական չի պահանջեր: Հազար ու մէկ նախագիծի վրայ գումարներ կը ծախսենք, հազար ու մէկ տեղի, երբեմն անտեղի, ծախսեր կ’ընենք, իսկ մեր դատական թղթածրարին համար պահանջուած գումարը պիտի չկարենա՞նք տրամադրել: Աշխարհով մէկ ապրող արեւմտահայ եւ նիւթական կարողականութիւն կուտակած որեւէ ազգասէրի եթէ դիմենք ու բացատրենք մեր նպատակի էութիւնը, առանց վայրկեան մը իսկ երկմտելու ան պիտի ցուցաբերէ իր զօրակցութիւնը:
դ.-Թղթածրարը պատրաստողներ.- Դատական թղթածրարներու պատրաստութիւնը մասնագէտներու կարիքն ունի: Այս պահանջին ուղղութեամբ բնաւ մտահոգութիւն չունինք: Հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ ունինք հոյլ մը փորձառու եւ հմուտ օրէնսգէտներ, իրաւագէտներ եւ փաստաբաններ:
ե.-Թղթածրարի հաւատացողներ.- Ամենահեշտ կարծուած, սակայն ամենադժուար ապահովուելիք պայմաններէն մէկն է: Ինչո՞ւ, որովհետեւ այս պայմանի առկայութիւնը կարելի չէ շօշափել: Քիչ չէ թիւը անոնց, որոնք առերես կը յայտարարեն իրենց հաւատքն ու աջակցութիւնը Հայ Դատին, սակայն իրենց էութեան խորերը թերահաւատ են: Այս տեսակը ամենավտանգաւորն է, որովհետեւ մեծապէս կրնայ վնասել թղթածրարի յաջողութեան: Այսուամենայնիւ հաւանաբար փորձառութիւնը մեծ դեր կ’ունենայ այստեղ եւ կարելի կ’ըլլայ երկու ուղղութեամբ աշխատիլ: Մէկ կողմէն ջանալ տարբեր միջոցներով հաւատք ներշնչել թերահաւատներուն մօտ, իսկ միւս կողմէն թղթածրարի հետապնդման գործը յանձնել անոր արդար աւարտին գծով դոյզն կասկածն անգամ չունեցողներուն:
Տարիները որքան հեռանան, այնքան համբերութիւնը կը հատնի եւ կրնայ յուսալքութիւնը տարածուիլ: Ազգային կարեւոր բոլոր ծրագիրները հետապնդելը անհրաժեշտ են, ազգային անվտանգութենէն սկսեալ մինչեւ հայրենիքէն ներս թէ դուրս հայապահպանման եւ հայահզօրացման աշխատանքները, սակայն անոր կողքին, նոյն կարեւորութեամբ, լրջութեամբ եւ բծախնդրութեամբ պարտաւոր ենք հետապնդել մեր Դատը: Ժամանակը ի նպաստ մեզի չէ: Դանդաղիլը յանցագործութիւն է:
Քաղաքական իրավիճակները յարափոփոխ են, վերջին տարիներուն տեղի ունեցած եւ ունեցող իրադարձութիւնները հաստատեցին ու համոզեցին, որ մնայուն իրավիճակներ չկան եւ քաղաքական իրերու տեղադրութեան փոփոխութիւնները անսպասելիօրէն կրնան նոր իրավիճակներ յառաջացնել:
Հետեւաբար կազմ ու պատրաստ ըլլալը անյետաձգելի ազգային պահանջ է:
Մարիա Գաբրիէլեան