Ուրբաթ, 22 Ապրիլ 2022-ին ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան Երեւանի օդակայանին մէջ դիմաւորեց Սուրիոյ խորհրդարանի պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ խորհրդարանի Սուրիա-Հայաստան Բարեկամական Խումբի ղեկավար դոկտ. Լիւսի Իսկէնեանի եւ ՀՀ Սուրիոյ դեսպան Տիգրան Գէորգեանի։
Պատուիրակութիւնը Երեւան ժամանեց մասնակցելու Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու ոգեկոչման արարողութիւններուն։ Այսօր առաւօտ պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ, ՀՀ ԱԺ Հայաստան-Սուրիա Բարեկամական Խումբի ղեկավար Իշխան Սաղաթէլեանի եւ պատգամաւորներ Գեղամ Մանուկեանի ու Շիրակ Թորոսեանի հետ։
Քննարկուեցան Հայաստան-Սուրիա դարաւոր բարեկամութեան ամրապնդման եւ խորհրդարանական գործակցութեան հեռանկարները։
Խօսելով տարածաշրջանային հարցերու մասին, կողմերը հաստատեցին, որ երկու երկիրներն ալ կը դիմագրաւեն Թուրքիոյ միեւնոյն յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը։