Յարգելով եւ յիշելով Հայոց Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն սրբադասուած նահատակները, մեր արդար դատին պահանջատիրական երթը շարունակելու յանձնառութեամբ, Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչական արարողութիւններուն կարգին, Կիրակի 24 Ապրիլ 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Հալէպի Ազգ. Գերեզմանատան մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարգէն ետք, Հայ Երիտասարդաց Միութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ծաղկեմատոյց՝ Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն յուշակոթողին դիմաց։
 
Բացման խօսք արտասանեց Լիլիթ Տոլմօղլեան-Փայասեան, հաստատելով, որ 24 Ապրիլը անդուլ պայքարի կոչ է եւ այսօրուան բազմութեան ներկայութիւնը ակներեւ փաստն է, որ հայ ժողովուրդը կը գոյատեւէ ու կը պայքարի՝ յանուն սուրբ հողին։ «Մենք խաղաղասէր ազգ ենք։ Այսօրուան իշխանութիւնները կոչ կ՚ուղղեն խաղաղութեան, յարաբերութիւններ հաստատելով մեր վաղեմի թշնամիին հետ։ Ապրինք խաղաղ, բայց նախ վերատիրանանք բռնագրաւուած մեր իրաւունքներուն», դիտել տուաւ ան աւըլցնելով, որ իւրաքաչիւր ծաղիկ որ կը զետեղուի Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յուշակոթողին առջեւ, վերահաստատումն է մեր հաւաքական արժանապատուութեան, որուն հիմքը կը կազմէ մեր պատմական եւ մարդկային իրաւունքներուն վերականգնումը։
 
Այնուհետեւ, ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի փողերախումբէն եղբ. Յակոբ Ուրիշիկեանի փողի նուագակցութեամբ ծաղկեպսակներ զետեղեցին սուրիահայ երեք համայնքապետները, սուրիահայ երեք կազմակերպութիւնները, ՀՀ Դեսպանութիւնը, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսը եւ հիւպատոսութեան խորհրդականը, ՀՀ Հալէպի մարդասիրական առաքելութեան խումբի գնդապետն ու հրամանատարը, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխանը, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Իշխանութիւնը, Հալէպի տեղական ինքնակառավարման խորհուրդի անդամները, Սուրիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը, Սուրիահայ բարեսիրական, մշակութային, մարզական եւ երիտասարդական Միութիւնները՝ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը, Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը, Կրթասիրաց Մշակութային Միութիւնը, Ազգային Մշակութային Միութիւնը, Գերմանիկ Վասպուրական Միութիւնը, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը, Հայ Մարմնամարզական Միութիւնը, Քրիստափոր Ուսանողական Միութիւնը, Տխրունի Ուսանողական-Երիտասարդական Միութիւնը, Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնը, Սուրիոյ Երիտասարդական Միութիւնը, Կաթողիկէ Երիտասարդաց Միութիւնը, Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ Մարմինը, Հայ Երիտասարդաց Միութիւնը եւ Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ քրիստոնէական Ջանից ընկերակցութիւնը։ Ինչպէս նաեւ հայրենակցական Միութիւնները՝ Տիգրանակերտի, Ուրֆայի, Քիլիսի, Տարօն-Տուրուբերանի, Բալուի, Պէրէճիկի, Մարաշի եւ Զէյթունի հայրենակցական միութիւնները, Ուրֆայի Վերածնունդ Միութիւնը եւ Կարմուջի Տիկնաց Վարչութիւնը։