Յարգելով եւ յիշելով Հայոց Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն սրբադասուած նահատակները, մեր արդար դատին պահանջատիրական երթը շարունակելու յանձնառութեամբ, Հայոց Ցեղասպանութեան 107-տարելիցին նուիրուած ոգեկոչական նախաձեռնութիւններուն կարգին, Կիրակի 24 Ապրիլ 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Հալէպի Ազգ. Գերեզմանատան մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ։ Պատարագեց եւ օրուան պատգամը ժողովուրդին ուղղեց՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան:
Պատարագին ներկայ էին Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան, սուրիահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի, Ազգ. Վարչութեան, Կրօնական Ժողովի, բարեսիրական, մշակութային, մարզական եւ հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ուխտաւոր ժողովուրդը:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ բարձրացաւ Սուրբ Խորան: Սուրբ Պատարագին, որպէս առընթերականեր կը սպասաւորէին Արժ. Տ. Զարեհ քհնյ. Շաքարեան եւ Արժ. Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան: Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց Սրբ. Քառասնից Մանկանց, Ս. Աստուածածին եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներու դպրաց դասերը։
 
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրուան պատգամը ուղղեց ժողովուրդին, բնաբան ունենալով աստուածաշնչական հետեւեալ համարը. «Ի՞նչ օգուտ, եթէ մարդ ամբողջ աշխարհը շահի, բայց իր կեանքը կորսնցնէ» (Մտ 16.26):
Սրբազան Հայրը հաստատեց, թէ այսօր անգամ մը եւս համախմբուած ենք մեր ուխտը վերանորոգելու՝ հանդէպ մեր 1.5 միլիոն սրբադասուած նահատակներուն, որոնք մերժելով ստրկութիւնը նահատակութեան գնով պայքարեցան ազատութեան եւ անկախութեան համար, ապացուցելով, որ ո՛չ մէկ մարդկային ուժ կրնայ մեզմէ խլել մեր հայրենիքը, հաւատքը եւ ապրելու իրաւունքը։
«Հայ ժողովուրդը իր ողջ պատմութեան ընթացքին մեծագոյն թարգմանը հանդիսացաւ Քրիստոսի ուսուցումներուն, պաշտպանեց իր հայրենիքը, կրեց մահը եւ արժանի դարձաւ կեանքի պսակին։ Վկան՝ ՀՀ առաջին անկախութիւնը, ազատ եւ անկախ Հայաստանը եւ արաբական երկիրներուն մէջ մեր ժողովուրդին կազմակերպած համայնքային-եկեղեցական-ազգային ճոխ կեանքը»։
Մասիս եպիսկոպոս դիտել տուաւ, որ 21-րդ դարուն մեր դարաւոր թշնամիին՝ թուրքին կողմէ, հայ ժողովուրդը դարձեալ կ՚ենթարկուի հալածանքի եւ փորձութեան, որպէսզի հայը հրաժարի իր արդար դատէն, սակայն Տէր Զօրի անապատներէն յարութիւն առած մեր ժողովուրդի զաւակները, տարբեր մակարդակներու վրայ առաւել կազմակերպուած կը շարունակեն պայքարիլ, մինչեւ վերատիրանանք մեր արդար իրաւունքներուն։
Եզրափակելով, Սրբազան Հայրը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, մաղթելով, որ Ամենակալը պահպանէ Հայաստանը, Արցախը, Սուրիական հայրենիքը եւ Սուրիոյ տարածքին ապրող մեր ժողովուրդի զաւակները։
 
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Հայ Երիտասարդաց Միութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ծաղկեմատոյց՝ Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն յուշակոթողին դիմաց։