Գործակցութեամբ Հալէպի արեան տուչութեան պետական կեդրոնին, Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակին առիթով ՀԵՄ-ի կազմակերպած արեան տուչութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 24 Ապրիլ 2022-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս։
 
Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին Ս. եւ Անմահ պատարագէն եւ ծաղկեմատոյցէն ետք, արեան տուչութեան կեդրոն ներկայացան Բերիոյ հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ.Արք. Զօպուեան, Արհիապատիւ Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան, Արեան տուչութեան հալէպի պետական կեդրոնի տնօրէնը եւ Հալէպահայ միութիւններու ներկայացուցիչներ։
 
Հայերէն Բացման խօսքով Հանդէս եկաւ Գարօլին Քիւրքլեան։ Ան հաստատեց, թէ մենք` հայ ժողովուրդս, պիտի շարունակենք մեր պայքարի ուխտը մինչեւ այն օրը, երբ վերատիրանանք մեր իրաւունքներուն եւ հասնինք արդար մեր դատին լուծման։
 
Արաբերէն բացման խօսքով Լուսին Կրպոյեան վերյիշեց սուրիացի ժողովուրդին մարդկային մեծ դերը գաղթականները կեանքի վերդարձնելու եւ մեդ ազգին բեկորները փրկելու նէջ։ Ուստի մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք սուրիացիներուն արեան տուչութեան տարեկան այս ձեռնարկով։
 
Յիշենք, որ 180 հայորդիներ իրենց արիւնը նուիրաբերեցին Սուրիոյ ժողովուրդին՝ առ ի երախտագիտութիւն արաբ ժողովուրդին եւ յարգանք հայ եւ սուրիացի նահատակներուն։
 
Կիթառ Աւընեան
Էլենա Աւագեան