Հովանաւորութեամբ հայ երեք համայնքապետներուն, կազմակերպութեամբ հալէպահայ կազմակերպութիւններուն յառաջացուցած միասնական յանձնախումբին, Կիրակի, 24 Ապրիլ 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Գ.Եսայեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին նուիրուած կեդրոնական հանդիսութիւնը, որուն ներկայ էին, համայնքապետները, ՀՀ Հալէպի հիւպատոս Բաբգէն Պատալեան, ՀՀ Մարդասիրական խումբի ներկայացուցիչ Գնդապետ Արգատի Տօնոյեան, Սուրիական Խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, ազգային մարմիններու, բարեսիրական, մարզական, մշակութային եւ հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր հայրեր, առաքինազարդ քոյրեր եւ հոծ բազմութիւն մը։
 
Հայերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ազգ. Մշակութային Միութեան ատենապետ Կարօ Մուրատեան, որ ըսաւ, թէ Ապրիլ ամիսը կենսունակութիւն կը պարգեւէ մարդկութեան, իսկ հայութեան կը յիշեցնէ իր ազգին ապրած ահռելի ցեղասպանութիւնը, ապա նաեւ պայքարելու եւ ապրելու, ծաղկելու մղիչ ուժ կը դառնայ։ Ան նկատել տուաւ, որ Թուրքիան մինչ այսօր անպատիժ մնալուն հետեւանքով բազմաթիւ ոճիրներ կը շարունակէ գործել։ Արաբերէն բացման խօսք արտասանեց Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Շրջ. Վարչութեան անդամ Լենա Էլէյճեան։ Ան անդրադարձաւ պատմութեան էջերով իսկ հաստատուած հայուն ստեղծագործ, շինարար եւ կենսունակ էութեան, ինչ որ անհանդուրժելի դարձաւ Թուրքիոյ այլատեաց վերնախաւին կողմէ եւ որուն հետեւանքով իրագործուեցաւ հայ ազգը ամբողջովին բնաջնջելու եւ իր հողէն արմատախիլ ընելու հրէշային ծրագիրը։
 
Յաջորդաբար Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը մեկնաբանեց “Հիմի Էլ Լռենք”, “Օտարութիւն” եւ “Դաւիթ Բէկ” օփերայէն հատուած, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Լիզէթ Սերայտարեան-Աւընեանի։
 
Տխրունի Ուսանողական Միութեան անդամներէն Վանա Առուշեան, Անի Քեպապճեան, Մեղրի Քեպապճեան եւ Յարութ Էօրտէքեան ասմունքեցին Պ. Սեւակի “Անլռելի Զանգակատուն”էն հատուած մը։
 
Երաժշտական կատարողութեամբ հանդէս եկան Կրթասիրաց Մշակութային Միութեան “Կոմիտաս”ի անուան երաժշտանոցէն Սարիկ Պիթար (կողմնասրինգ) , Աննա Մարիա Նալպանտեան եւ Յակոբ Ճէնանեան (ջութակ), Յակոբ Գասարճեան (դաշնամուր) յաջորդաբար նուագելով “Կռունկ Բարով Դառնաս” եւ “Կիլիկիա” ստեղծագործութիւնները։
Օրուան բանախօս Սիլվա Օհանեան պատմական հակիրճ ակնարկով լուսարձակի տակ առաւ ցեղասպան թուրքին հայու հանդէպ մինչեւ օրս իրագործած բռնարարքները։ Ապա վեր առաւ անյաղթելին յաղթահարելու հիմնական տուեալները հետեւեալները յորդորելով.
 
Յիշելով մեր նահատակները, անոնց յիշատակը վառ պահել եւ նոր սերունդին փոխանցել մեր պատմութիւնը։
_Պայքարիլ յանուն մեր դատի արդար լուծման՝ բարձրաձնելով զայն միջազգային հարթակներ եւ պահանջելով մեր իրաւունքները։
_Զօրավիգ կանգնիլ Արցախին, հիմնական մտասեւեռում դարձնելով արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքը, անոր իր հայրենիքին մէջ անվտանգ գոյատեւելու իրաւունքը, ինչպէս նաեւ Արցախի կարգավիճակի հաստատումն ու սահմաններու անձեռնմխելիութեան պահպանումը։
_Տէր կանգնիլ մեր լեզուին, մշակոյթին եւ բարոյական արժէքներուն։
Օհանեան եզրափակելով կոչ ուղղեց համայն հայութեան համախմբուելու Հայաստանի եւ Արցախի շահերուն շուրջ, որպէսզի միասնաբար դիմակայենք այս հրատապ սպառնալիքը եւ ամրապնդենք մեր երկրի եւ պետականութեան կայունութիւնը(բանախօսութիւնը ամբողջութեամբ տեսնել “Գանձասար” Ապրիլ Գ. համարին մէջ)։
Համազգայինի Բ.Կանաչեան երաժշտանոցէն Կոմիտասի “Կռունկ”-ը մեկնաբանեցին դաշնամուրով Ռուզան Պարսումեան, ջութակի ընկերակցութեամբ Տեսիլ Սարեանի։
ՀՀ Հալէպի հիւպատոս Բաբգէն Պատալեան հանդիսութեան իր խօսքը մատուց։ Հիւպատոսը ըսաւ, որ հայութիւնը անցաւ բազմաթիւ արհաւիրքներէ, սակայն երբեք մինակ չէր, իր կողքին ունեցաւ բազմաթիւ քաղաքական յառաջադէմ գործիչներ, որոնք ցեղասպանութիւնը իրագործողներուն նկատմամբ ցասում ու բողոք արտայայտեցին։ Ան լուսարձակի տակ առաւ Նեմեսիսի գործողութիւնը եւ յարգանքով յիշեց Սողոմոն Թեհլիրեանը, Արմէն Գարօն, Շահան Նաթալին եւ ուրիշներ, մեր պայքարի ռահվիրաները համարելով զանոնք։ Հիւպատոսը երախտիքի խօսք ուղղեց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բոլոր երկիրներուն եւ ի մասնաւորի Սուրիոյ Հանրապետութեան։
Ան եզրափակելով իր խօսքը շեշտեց Սփիւռքի անուրանալի դերակատարութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին մէջ, ապա շեշտեց, թէ Սփիւռքի մէջ ծաւալող հայրենանպաստ աշխատանքները կ’ամրապնդեն եւ կ’աջակցին եռամիասնութեան, Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի վերելքին եւ յառաջընթացին՝ միասնաբար չէզոքացնելու բոլոր մարտահրաւէրներն ու սպառնալիքները։
Հուսկ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպիսկոպոս Զօպույեան իր պատգամը ուղղելով ըսաւ.”Հայ ժողովուրդը չեղաւ այն ժողովուրդը, որ իր մահկանացուն կնքեց եւ յանձնուեցաւ մահուան, այլ մերժեց մահը, որովհետեւ կենսասէր եւ վաստակ ունեցող ժողովուրդ էր։ 1915_ին մենք հայրենազուրկ դարձանք, սակայն մոխիրներէն յառնելով վերստին կանգնեցանք, շինեցինք եկեղեցիներ, դպրոցներ, սրբավայրեր եւ այլ նոր կառոյցներ բարձրացուցինք։ Հայ ժողովուրդը չընկրկեցաւ եւ ոչինչէն հրաշք գործելով կրցաւ վերակազմակերպուիլ շնորհիւ հայու անկոտրում կամքին, տալու կամեցողութեան եւ շինարար ոգիին”։
Սրբազան հայրը եզրափակելով հաստատեց, թէ մենք նորահաս սերունդի ներշնչարար աղբիւրը պիտի հանդիսանանք եւ հայու ինքնութիւնն ու տիպարը ամէնուրեք բարձր պիտի պահենք՝ կառուցելով, ծառայելով մեր ազգին եւ երիտասարդութեան յառաջդիմութեան նպաստելով։ Ան շեշտեց, որ Եղեռնէն ճողոպրածները կառուցեցին, պահպանեցին, ծաղկեցան ու մեր ազգին պատիւը բարձր պահեցին, հիմա մեր կարգն է, բոլորս մղուինք աշխատանքի ու ձեռնածալ չմնանք։
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։
Լուսին Ապաճեան-ՉիլԱբօշեան