ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՐԵՔ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԵՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՄ ԸԼԼԱԼՈՒ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ԱՆԺԱՄԱՆՑԵԼԻՈՒԹԻՒՆԸ
 
Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցի յիշատակումին ընդառաջ, միջկուսակցական հանդիպում մը կայացաւ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն միջեւ:
 
Հանդիպումը առիթ եղաւ անգամ մը եւս ընդգծելու հայկական միասնական կեցուածքը հայկական պատմական իրաւունքներուն վերականգնումին գծով: Առ այդ, կողմերը վերահաստատեցին հայկական պահանջատիրական պայքարի անժամանցելիութիւնը` մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ոճիրի միջազգային ամբողջական ճանաչումը, դատապարտումը եւ վնասուց արդար հատուցումը` ցեղասպան Թուրքիոյ պետութեան կողմէ:
 
Արդարեւ, իւրաքանչիւր Ապրիլի հետ կը վերանորոգուի հայ ժողովուրդի ազգային կսկիծը: 107 տարիներ հայ ժողովուրդը չմոռցաւ իր նահատակներուն կտակը, հաստատուած իւրաքանչիւր հողաշերտի վրայ ստեղծեց նոր կեանք: Հայերը ո՛չ միայն չդադրեցան գոյութիւն ունենալէ, այլեւ փիւնիկի նման ծնունդ առին Տէր Զօրի մոխրակոյտ անապատներէն եւ շարունակեցին իրենց գոյատեւումը առաւել յառաջդիմելով եւ առաւել զարգանալով:
 
Այս յիշատակը լաւագոյն առիթը կը հանդիսանայ համախմբելու բոլոր հայութիւնը, մղելու համազգային պայքարի եւ միակամ պահանջատիրութեան:
 
Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները կը շեշտեն, որ հայ ժողովուրդին կրած հողային ու մարդկային ծանր կորուստէն ետք, հայկական միասնականութիւնը ամրապնդելու, ազգային պահանջատիրական երթը անխախտ պահելու, ինչպէս նաեւ թշնամի Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ հայութեան ու Հայաստանի նկատմամբ մինչեւ օրս շարունակուող յարձակողապաշտ ու ծաւալապաշտ ախորժակները կասեցնելու եւ նաե՛ւ 44-օրեայ արցախեան պատերազմի հետեւանքները դարմանելու համար, այսօր, բոլոր ժամանակներէն աւելի, համայն հայութեան ներուժի համախմբումը հրամայական անհրաժեշտութիւն է:
 
Պէտք չէ առիթ տանք հայրենասիրութեան եւ պահանջատիրութեան ոգիի նահանջին:
Նոր-օսմանական եւ համաթուրանական ծաւալապաշտ քաղաքականութեան առնչութեամբ մտահոգութեամբ կ՛արձանագրենք Թուրքիոյ միջամտութիւնները` արաբական երկիրներու ներքին հարցերուն, ինչպէս նաեւ Արեւելեան Միջերկրականի շրջանին մէջ Թուրքիոյ ունեցած ապակայունացնող դերակատարութիւնը` շեշտադրելով, որ թրքական պետութեան դրսեւորած գերաշխուժ դերակատարութիւնը անոր որդեգրած նոր-օսմանական ծաւալապաշտական գաղափարախօսութեան արդիւնքն է:
 
Մեկնելով այս բոլոր նկատառումներէն, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները կը յայտարարեն, որ 107-րդ տարելիցը պէտք է յարմարագոյն առիթը ըլլայ վերահաստատելու միասնականութեան ոգին, ինչպէս նաեւ պայքարի կանչը ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, այլեւ ազգային պահանջատիրութեան գաղափարին նկատմամբ: Քաջ գիտնալով, որ մէկ սիրտ, մէկ ոգի ըլլալը աւելի արդիւնաւէտ կը դարձնէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու Հայ Դատի պահանջատիրական մեր երթը:
 
Հայ Երիտասարդաց Միութիւն
 
Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւն
 
Թէքէեան Մշակութային Միութիւն
 
Հալէպ, 26 Ապրիլ 2022