Չորեքշաբթի, 27 Ապրիլ 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ գիշերուան ժամը 12:41-ին Իսրայէլ օդային յարձակում գործեց Թապարիոյ շրջանէն դէպի Դամասկոս։ Սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին հրթիռներուն եւ վար առին անոնց մեծամասնութիւնը։

Յարձակումին հետեւանքով նահատակուեցան 4 զինուորներ, արձանագրուեցան 3 վիրաւոր եւ նիւթական վնասներ։