Երեքշաբթի, 26 Ապրիլին Ուրուկուէի Խորհրդարանի նախասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 107 ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւն, ինչպէս 20 տարիէ ի վեր, կազմակերպուած Ուրուկուէյի Խորհրդարանի Նախագահի եւ Հայ Դատի Յանձնախումբի կողմէ:

Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան բազմաթիւ նախարարներ, փոխ նախարարներ, պատգամաւորներ, ծերակուտականներ, դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, Ուրուկուէյի Հայոց Թեմի առաջնորդ Յակոբ արք. Գլնճեան, հայ համայնքի կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Սոյն ձեռնարկին իրենց ելոյթով հանդէս եկան Խորհրդարանի Նախագահ՛ պատգամաւոր Օբէ Բասգէդ, ով անդրադառնալով օրեր առաջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլուի հայերուն ուղղուած Գորշ Գայլերու նշանը ցոյց տալուն, խստօրէն դատապարտեց ըսելով թէ «Մենք այդ ժեստը կը համարենք ոչ միայն իբրեւ վիրաւորանք ուղղուած հայ համայնքին, այլ Ուրուկուէյի ժողովուրդին»:

Իր կարքին, Ուրուկուայի Փոխ Նախագահի Պէադրիս Արխիմոն անգամ մը եւս վերահաստատեց երկրի հաւատարմութիւնը Հայ Դատի վերաբերեալ: «Մենք պիտի շարունակենք, ինչպէս պատմականօրէն միշտ եղած է, մեր հաւատարմութիւնը, ոգեկոչելով այս թուականը, որպէսզի չի շարունակեն վայրագութիւնները, ինչպէս եղած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը»:

Յաջորդաբար խօսք առաւ քաղաքագէտ, լրագրող՝ Գլաուտիօ Ֆանդինին (Արժանթին), որու ելոյթի նիւթն էր ժխտողականութիւնը: ««Ժխտողականութիւնը դաժան և յանցաւոր է», ըսաւ Ֆանդինին: Այս արթիւ տեսաուղերձով իր պատգամը փոխանցեց ՀՀ Ազգային Ժողովի Փոխ Նախագահ, Ուրուկուէյ Հայաստան միջ-խորհրդարանական բարեկամական խումբի նախագահ՛ ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ ընկեր Իշխան Սաղաթէլեան (Հայաստան), որ բարձր գնահատելով Ուրուկուէյի պատմական կեցուածքը ըսաւ «Այսօր երբ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը արդէն իսկ իրողութիւն է, առանձնակի ակնածանքով կը յիշենք Ուրուկուէյի կողմէն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը 1965 թուականին:

Ուրուկուէյը դարձաւ աշխարհի վրայ առաջին պետութիւնը, որ համընդհանուր մոռացութեան մէջէն արդարութեան ձայն հնչեցուց եւ սկիզբ դրաւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին:Մեր ժողովուրդի յուշերուն ու հոգեկերտուածքին մէջ Ուրուկուէյը կ’ընկալուի իբրեւ իրական եւ անշահախնդիր բարեկամ» ըսաւ Սաղաթէլեան:

Ձեռնարկին վերջաւորութեան ելոյթով հանդէս եկաւ Ուրուկուէյի Հայ Դատի Յանձնախումբի կողմէ Կապրիէլա Մուժուքեան, որ քննադատեց երկրի Արտաք գործ նախարարութեանը, որ ընդունած է թուրք արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլուին ճիշդ այդ օրը, անդրադարձաւ պատահարին եւ բարձր գնահատեց Ուրուկուէյի նախագահին արագ արձագանգը այս դէպքին առնչութեամբ: