26 Ապրիլ 2022_ին Պելճիքայի հայերու կոմիտէն սարսափով տեղեկացուցած է, որ Պրիւոսէլի Անրի Միշօ հրապարակի վրայ պղծումի ենթարկուած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման խաչքար յուշարձանը: Լուսանկարէն ի յայտ կու գայ, որ յուշարձանը ներկուած է բոլորիս յայտնի ալ կարմիր երեք կիսալուսիններով։

Կոմիտէն խստօրէն կը դատապարտէ պղծումը, որ կատարուած է 1915_ի ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման ապրիլ քսանչորսեան յիշատակի օրուան յաջորդ օրը: Այս արարքը կրնայ մեկնաբանուիլ միայն որպէս թշնամանքի արտայայտութիւն եւ փորձ՝ վախցնելու ծագումով հայ պելճիքացիները, որոնց մեծ մասը սերած է ցեղասպանութեան զոհ դարձած ընտանիքներու հատուկենտ փրկուածներէն։

Ակնյայտօրէն, Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը Թուրքիոյ Հանրապետութեան իշխանութիւններուն եւ անոր առնչուող տեղական ու միջազգային հարթակներեւ, այլ երկիրներու տեղական կառավարման մարմիններու մէջ ընտրուած ծագումով թուրք պետպաշտօնեաներու խիստ հակահայկական նախապաշարմունքի ամենատարածուած դրսեւորումն է՝ Պելճիքայի մէջ եւ այլուր:

Պղծուած յուշարձանին վրայ ընթեռնելի է նաեւ թրքական խորհրդարանի ծագումով հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանին ուղղուած հայհոյախառն անգլերէն արտայայտութիւնը՝ 《Fuck Palyan》: Պէտք է նշել, որ Կարօ Փայլան պարբերաբար է յայտնուած է թուրք ազգայնականներու թիրախին։ Յանուն միասին ապրելու եւ ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու դէմ թիրախային պայքարին` Պելճիքայի Հայերու Կոմիտէն կոչ կ’ուղղէ հասարակական ու պետական գործիչներուն, կառավարման մարմիններուն, ընկերային ցանցերուն ի գիտութիւն ընդունելու ատելութեան հրահրումի այս կամայական եւ ուղղորդուած դրսեւորումը, այն է՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը եւ հայերու նկատմամբ ատելութեան նախապաշարմունքը:

Սոյն դատապարտելի յանցանքին կրկնութենէն խուսափելու համար` մենք յատկապէս կոչ կ’ուղղենք թուրք համայանքային կազմակերպութիւներուն դատապարտելու այս արարքը։ Կոմիտէն պատրաստակամ է նաեւ այս տեսանկիւնէն գործակցելու բոլոր անոնց հետ, որոնք կը դատապարտեն ժխտողականութիւնը: