《Տէր Զօր… Դուն մեզի համար եղար խորհուրդ ու պատգամ. դուն մեզի համար եղար կեանք եւ յարութիւն։
Դուն այլեւս մեռելոց չես,
Այլ նահատակաց վկայարան։
Դուն այլեւս մահուան հովիտ չես,
Այլ կեանքի աղբիւր»
Արամ Ա. Վեհափառ

Անկոտրում հաւատքով, անսասան կամքով եւ ազգային միասնակամութեամբ գամիշլիահայութիւնը վերանորոգեց իր ուխտը մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներուն արեան կանչին անսալու։
Գամիշլիին մէջ շարք մը ձեռնարկներ տեղի ունեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին առիթով։
Արդ. Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, Նախագահութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, կազմակերպութեամբ կեդրոնական յանձնախումբին, Շաբաթ, 23 Ապրիլ 2022- ի երեկոյեան Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած հսկումի արարողութենէն ետք, հոգեշնորհ հայր սուրբը, Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի, Պատկան Մարմինի, թաղականութեան, ազգայիններու եւ հոծ բազմութեան հետ միասնաբար ջահերթ մը կատարեցին։ Ժողովուրդը եկեղեցւոյ շրջակայ թաղամասը ջահերով եւ մոմերով շրջեցաւ, ապա ուղղուեցաւ դէպի առաջնորդարանի շրջափակ, ուր ապրիլեան նահատակաց յուշարձանին դիմաց մոմեր զետեղեց։ Ապա ցուցադրուեցաւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա Հայրապետին նկարահանուած պատգամը, որ ուղղուած էր հայութեան, Տէր Զօրի մէջ մատուցուած պատարագին առիթով։

Ապա երաժիշտներ Քրիստ Միքայէլեան եւ Յարութ Մատարճեան նուագեցին օրուան խորհուրդը արտացոլացնող երաժշտական կտորներ։

Կիրակի, 24 Ապրիլ 2022- ի Առաւօտ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ՝ ի յիշատակ Հայոց Ցեշասպանութեան սրբադասուած նահատակներու 107-րդ տարելիցին, որմէ ետք տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին եւ սկաուտութեան տողանցքը եւ ծաղկեմատոյցը, իսկ երեկոյեան «Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս գեղարուեստական յայտագիրով պատրաստուած Ոգեկոչումի հանդիսութիւն տեղի ունեցաւ։
Հանդիսութեան բացումը կատարեցին հանդիսավարներ Արամ Զատիկեան եւ Վանա Թէօքմէճեան, ներկաները հրաւիրելով մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը Մեծ եղեռնի Հայաստանի, Արցախի եւ Սուրիոյ անմահ նահատակներուն։ Ապա հնչեց Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Թաղականութեան ատենապետ Վարդան Մուրատեան, որ պատմական ակնարկով մը ներկայացուց հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած անմարդկային ոճրագործութիւնը։ Մարդկային պատմութեան մէջ ամենասեւ էջը։ Ապա անդրադարձաւ Արցախի ներկայ իրավիճակին, որ մեզմէ կը պահանջէ գերզգօնութիւն եւ ազգային միասնութիւն։
Գեղարուեստական յայտագիրով յաջորդաբար բեմ բարձրացան Սարգիս Սիմոնեան մեներգելու « հոգեհանգիստ» երգը, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Քրիստ Միքայէլեանի։
Եղեռնի եւ Արցախի նուիրուած բանաստեղծութիւններու համադրում մը տպաւորիչ առոգանութեամբ ասմունքեց Մեղրի Ասիլեան-Ղուկասեան։
Համազգայինի Աւետիս Ահարոնեան Մասնաճիւղի «Վանա» պարախումբը ելոյթ ունեցաւ պարուսոյց Նանար Սարգիսեանի ցուցմունքներով, հաստատելով թէ իրերայաջորդ Սերունդներ ջահը բարձր պահած կը վերանորոգեն իրենց ուխտը եւ հաւատարիմ կը մնան նահատակներու կտակին։
Օրուան խորհուրդը ներկաներուն ուղղեց Ազգային ժողովի երեսփոխան, երկար տարիներու ազգային գործիչ Աբիկ Քեհիայեան։

Բանախօսը ամփոփեց ցեղասպանութեան հետեւանքով հայ ժողովուրդին կրած կորուստները՝ գլխաւոր չորս կէտերով։
Առաջինը որպէս մշակոյթ հայ ժողովուրդը կորսնցուց բազմաթիւ տաղանդաւոր գրագէտներ, բանաստեղծներ, մտաւորականներ, որոնք իրենց ստեղծագործութիւններով աւելի եւս պիտի հարստացնէին հայ գրականութիւնը
Երկրորդ. Հայ ժողովորդը կորսնցուց իր կրօնական եւ ազգային կառոյցները՝ վանքեր… տաճարներ… դպրոցներ… զարթօնքի եւ ծաղկումի կեդրոններ։
Երրորդ. մենք դարձանք սփիւռք։ Ջարդէն ճողոպրած հայութիւնը ցիր ու ցան դարձաւ աշխարհի չորս ծագերը։
Իսկ չորրորդը մեր հողերու կորուստն է ։Մենք որքան բազմանանք ու զօրանանք օտար ափերու վրայ, մեզի կը պակսի մեր սեփական հողին ու արմատներուն ուժը։
Անդրադառնալով Արցախի հարցին, ան շեշտեց Վեհափառ հայրապետին պատգամը, որ Արցախի անկախութիւնը սակարկութեան նիւթ չի կրնար ըլլալ։
«Մենք՝ Գամիշլիահայերս, կը զօրակցինք Արցախի արդար պայքարին եւ կը հաստատենք, որ Արեւմտեան Հայաստանը, Արցախը, Նախիջեւանը, Ջաւախքը եւ Մեղրին սակարկութեան շրջաններ չեն երբեք։
Այսօր մեր նահատակները Տէր Զօրէն մեզի կը պատգամէն մնալ հաստատակամ եւ աննկուն կամքով շարունակել պահանջատիրական պայքարը, մինչեւ ամբողջական եւ արդար հատուցում։
Գեղարուեստական յայտագրի աւարտին, երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ փունջ մը ազգային երգերով, խմբավարութեամբ Նայիրի Խաչատուրեան-Թէօքմէճեանի, նուագակցութեամբ Քրիստ Միքայէլեանի եւ Նարեկ Մելքոնեանի։
Փակման խօսքով հոգեշնորհ Հայր սուրբը որպէս նախաբան յիշեցուց Հայոց Մեծ Եղեռնի տառապանքը, որ իւաքանչիւր հայու հոգիի մէջ արթուն պէտք է մնայ։ Անտարբեր գտնուիլը նահատակներու կտակին հանդէպ կը նշանակէ, թէ մենք որպէս ազգ մեր գերեզմանը կը փորենք։ Այս տարի յատկանշական էր Տէր Զօրի Նահատակաց եկեղեցւոյ փլատակներուն մէջ ոգեկոչել Մեծ եղեռնի 107- րդ տարելիցը, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ . Եպս. Զօպուեանի։ Գամիշլիի պատուիրակութիւնը եւս իր մասնակցութիւնը բերաւ։ Տէր Զօրի մէջ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա Հայրապետ իր պատգամը ուղղեց, հաստատելով, որ <Տէր Զօրը այլեւս մեռելոց չէ այլ նահատակաց վկայարան«, Հետեւաբար վերանորոգենք մեր ուխտը, կրկնելով Աւետիս Ահարոնեանին խօսքը «Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք,
թող ողջ աշխարհն հային կարդայ նախատինք»:

Բժշկհ. Մարի Մելքոն