Հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ հայ երեք համայնքներուն, Կիրակի 24 Ապրիլ 2022ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Հայ Աւետարանական Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցի յիշատակման ձեռնարկ, «Դէպի Նոր Տեսլական» խորագիրով:

Օրուան հանդիսավարներն էին Շուշի Ղազարեան եւ Յովսէփ Բէնդէզեան:

Մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելէ ետք նահատակներուն յիշատակը, բացման խօսքով հանդէս եկաւ Պատուելի Շանթ Ակիշեան:

Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ.«Ահաւասիկ 107 տարիներ ետք կը յիշենք եւ անգամ մը եւս կը զգանք 20-րդ դարուն հայ ժողովուրդին դէմ կատարուած անմարդկային մեծ ոճիրը: Քեսապը իր պատմութեան ընթացքին տեսած է կոտորած, ջարդ, տեսած է տեղահանութիւն, բայց այս բոլորին կողքին ապրած եւ վայելած է Աստուծոյ խնամքը եւ նոր յոյսերով լեցուն առիթներ»: Եզրափակելով իր խօսքը ըսաւ.«Կը խոնարհինք մեր նահատակներուն առջեւ եւ կ’ուխտենք քալել նոր ուղիով, քալել դէպի նոր տեսլական»:

Ապա ներկայացուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ եւ տպաւորիչ յայտագիր մը, որ կ’ընդգրկէր՝ մեներգ, ասմունք, բեմական կենդանի պատկեր, նուագ եւ տեսերիզի ցուցադրութիւն:
Յաջորդաբար հանդէս եկան Արաքս Արամեան «Երանի», Լուսին Քիւրքճեան «Թող Հնչէ Շեփոր», Սիլվա Լնդեան «Կռունկ», Սալբի Թիթիզեան «Ապրելու Ապրիլ», «Երազ Իմ Երկիր» երգերով։ Անոնց ելոյթները հոգեպարար եւ տպաւորիչ էին: Վարդինէ Դանիէլեան իւրայատուկ ոճով ասմունքեց «Հայու Հոգի» ոտանաւորը , իսկ Անի Պօյմուշաքեան «Որբի Որդի» քերթուածը: Ներկայացուեցաւ նաեւ դաշնամուրով նուագ՝ Էւա Պէտրճիկեանի եւ տուտուկով՝ Ժոզէֆ Արամեանի կատարողութեամբ: Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանէն խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին բեմական կենդանի պատկեր «Մեր Պապենական Հողերը» խորագիրով:
Օրուան բանախօսն էր Հայ Կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան: Ան նախ ներկայացուց ամփոփ պատմական մը Թուրքիոյ գործած անմարդկային ոճիրին շուրջ, ապա ըսաւ. « Մենք աշխարհէն կը պահանջենք մեր արդար իրաւունքները, Թուրքիան՝ մեր դարաւոր թշնամին, տակաւին կը շարունակէ ուրանալ իր գործած ոճիրը, կը շարունակէ նենգափոխել պատմութիւնը»: Եզրփակելով իր խօսքը ըսաւ. «Որոշած ենք ազգովին լուռ չմնալ, այլ յիշել, պահանջել ճանաչումը, հատուցումը եւ մեր հողերուն վերադարձը»:
Օրուան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Հոգեշնորհ Հայր Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեան:

Հայր Սուրբը անդրադարձաւ օրուան նշանաբանին՝ «Դէպի Նոր Տեսլական»ին եւ ըսաւ.« Պիտի շարունակենք մեր պայքարը մինչեւ հասնինք մեր ամբողջական նպատակներուն, նոր գործելաոճով, նոր տեսլականով»:

Ձեռնարկէն ետք, գլխաւորութեամբ Քեսապի հայ երեք համայնքներու հոգեւորականներուն եւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, քեսապահայութիւնը ուղղուեցաւ դէպի Մեծ Եղեռնի յուշակոթող, ուր տեղի ունեցաւ ծաղկեմատոյց:
Ոգեկոչումը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով:
Թղթակից