Հայ ժողովուրդը իր գոյերթին մէջ երբեք չմոռցաւ բոլոր այն ջարդերը, որոնց ենթարկուեցաւ, յատկապէս 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

Այս տարի Հայոց Ցեղասպանութիւնը բոլորեց իր 107-րդ տարելիցը։ Հակառակ ցեղասպանութեան դառնութեան, հայ ժողովուրդը  յաջողեցաւ աշխարհի տաբեր կողմեր տարածուելով իր կեանքի անիւը կրկին թաւալել եւ ոտքի կանգնիլ ու ողջ աշխարհին ներկայացնել վերապրելու իր բանաձեւը։

 

Կը վերյիշեմ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ոչ թէ Ապրիլ ամսուան կսկիծը վերապրելու, այլ 27 Սեպտեմբերէն 9 Նոյեմբերին Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) Հանրապետութեան վրայ Թուրքիոյ աջակցութեամբ Ատրպէյճանի սանձազերծած 44-օրեայ պատերազմին սրտաճմլիկ հետեւանքները լուսարձակի տակ բերելու։

Պէտք է խոստովանիլ, որ թէեւ պատերազմ մը տանուլ տուինք, սակայն  պարտութեան ու յուսալքումի հոգեբանութեամբ չընկճուեցանք, նախ այն պատճառով, որ պատերազմող կողմերուն ուժերը համապատասխան չէին․ մէկէ աւելի կողմեր դաւաճանեցին մեզի։  Մեր երկիրը ներքաղաքական եւ տնտեսական բարեփոխումներու աշխատանքին լծուած էր, երբ անակնկալ գրոհով մեզ անել կացութեան մատնեցին։ Սակայն հակառակ այս յարձակումին, հայոց բանակը խիզախութեամբ դէմ դրաւ  ատրպէյճանական հրոսակներուն, որոնց կը զօրակցէր Թուրքիան՝ տրամադրելով մեծաթիւ անօդաչու սարքեր, սպաներ, մասնագէտ զինուորականներ, զինեալ ահաբեկիչներ եւ այլն։

Թէեւ յարձակող կողմը տիրացաւ մեր հողերու նկատառելի մէկ մասին, սակայն չյաջողեցաւ զինաթափ ընել մեզ, կամ տկարացնել մեր իրաւունքներու վերատիրացման կամքն ու հաւատքը։ Ընդհակառակն․ պատերազմը, ինչպէս շատ մը պատերազմներու պարագային, մեզ աւելի ուժեղ եւ վճռակամ դարձուց։ Կորսնցուցինք փուլ մը, սակայն մեր պայքարի փուլերը չեն աւարտած տակաւին։

Մեր դիմաց ունինք փորձառութիւնը այնպիսի ժողովուրդներու, որոնք ահաւոր պարտութիւններ կրեցին․ ինչպէս՝ ճափոնցիները Համաշխարհային երկրորդ պատերազմին, կամ գերմանացիները, երբ ձերբազատեցան նացիստներու ժառանգութենէն։ Սակայն Հակառակ այս բոլորին, Ճափոնը  վերագտաւ իր ուժը, որովհետեւ չէր կորսնցուցած իր հաւատքն ու պայքարի ոգին։ Ան վճռեց վերականգնել իր փառքը՝ կեդրոնանալով իր տնտեսութեան, գիտութեան ու ճարտարարուեստին վրայ։ Ներկայիս ան կը դասուի համաշխարհային մակարդակով առաջին եօթ բարգաւաճ երկիրներու կարգին։ Փաստօրէն Ճափոն տնտեսական հրաշք գործեց եւ այսօր գերազանցած է պատերազմին իրեն յաղթող ուժերը։

Ուստի, հարկ է, որ մենք եւ մեր երիտասարդները եւս դասեր քաղենք 44-օրեայ պատերազմէն՝ հետեւելու Ճափոնի եւ այլ երկիրներու օրինակին։ Կարիքը ունինք «ներքին յեղափոխութեան» վերանորոգելու մեր խոստումը եւ հաստատելու, որ հայ ժողովուրդը ստեղծագործ է, խաղաղասէր ու կարելիութիւն ունի ոչ միայն զարգանալու եւ ինքզինք պաշտպանելու, այլեւ իր գիտութեամբ եւ խաղաղասիրութեամբ օժանդակելու տարբեր ժողովուրդներու եւ պետութիւններու։

Ուրեմն գործի լծուինք, Հայաստանի մէջ կառուցենք գործարաններ, առեւտրական հսկայ կեդրոններ՝ հայուն ձեռքով եւ ստեղծագործ միտքով։ Այն հայուն, որ այլազան երկիրներու մէջ ապրելով  եզակի ձեռքբերումներ ունեցաւ երաժշտութեան, ճարտարագիտութեան, ճարտարարուեստի եւ այլ մարզերու մէջ։

Վստահաբար Հայաստան ունի այդ ներուժը՝ երկիրը վերածելու արդիական գործարանի մը։

Պատերազմները երբեք չեն բարելաւած ժողովուրդներուն կեանքը, սակայն անոնց մշտապէս յաջորդած է  վերածնունդի շրջան մը, որուն ընթացքին տուեալ երկիրը յաջողած է վերաշինել պատերազմին քանդածը եւ յուսալից ապագայ կերտելու մղել իր ժողովուրդը։

Հայութիւնը ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի վճռած է տոկալ ու վերազարթնիլ, ծաղկեցնել իր հայրենիքը եւ շրջել ներկայ դժուար կացութիւնը։

Մենք պատերազմ հրահրող ազգ չենք։ Ընդհակառակը՝ խաղաղութիւն կը ցանկանք մեզի եւ դրացի երկիրներուն։ Այդուհանդերձ պէտք է զօրացնենք եւ արդիականացնենք հայոց բանակը, որպէսզի պատրաստ ըլլանք դիմագրաւելու աւելի ծանր մարտահրաւէրներ։ Որքան ճիշդ կը հնչէ իմաստասէրին հետեւեալ խօսքը․«Մէկ ձեռքը կը շինէ, իսկ միւսը՝ կը պահպանէ, կը դիմադրէ»։

Մեր պատերազմը, այս փուլին, սահմանին չէ, զինուորական պատերազմ չէ, այլ՝  ներհայկական է, մեր կորուստները վերածելու վերականգնումի մարտահրաւէրի։ Այս մարտահրաւէրի յաղթահարման մէջ կը կայանայ մեր իսկական մեծութիւնը։ Մեր պատմութիւնը վկա՛յ։

Հայ ազգը վերապրեցաւ խաղաղասէր  ու ազատատենչ ժողովուրդներուն սպառնացող ամենամեծ աղէտէն վերջ, մոխիրներէն յարութիւն առաւ ան ու շարունակեց կառուցել, սորվիլ, արարել եւ աշխատիլ անկոտրում թափով։

Այսօր եւս նոյնը պէտք է ընել՝ դասուելու քաղաքակիրթ եւ յառաջադէմ այն պետութիւններուն կարգին, որոնք, հակառակ դժուարութիւններուն, հաստատուն քայլերով իրենց ժողովուրդներուն ապահովութիւնը, բարեկեցութիւնն ու հանգիստ կեանքը ապահովեցին։

Կիրակոս Գույումճեան

Քուէյթ

«Ալ-Նահար»