Սուրիական-հայաստանեան գործարար խորհուրդը կը ձգտի կրկին հաստատել իր հիմքերը մայրաքաղաք Երեւանի մէջ՝ խթանելու Սուրիոյ հետ տնտեսական գործակցութիւնն ու ներգրաւելու այլազան ներդրումներ, յատկապէս նկատի ունենալով Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ զինուորական թափանցումին հետեւանքով դրամագլուխներու եւ ներդրողներու Ռուսիայէն դէպի Հայաստան հոսքը, զերծ մնալու  Ռուսիոյ վրայ բանեցուած արեւմուտքի եւ ԱՄՆ-ի տնտեսական պատժամիջոցներէն։
Սուրիական-հայաստանեան գործարար խորհուրդի նախագահ Լեւոն Զաքի Ետալեանի համաձայն. «Երեւանեան ոլորտ մուտք գործելը այս շրջանին յանդուգն քայլ եւ անփոխարինելի առիթ կարելի է համարել՝ երկու երկիրներու տնտեսական գործակցութեան կարելիութիւնները բացայայտելու եւ հայ գործարարներու դրամագլուխները  ներքաշելու սուրիական ներդրումային խոստմնալից ոլորտներու մէջ, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք, որ Սուրիան տասը տարուան պատերազմէն դուրս եկած է տնտեսական իր ենթակառոյցներու փլուզումով եւ այս գործակցութիւնը կրնայ տնտեսութեան վերականգնումին սատարող ներդրումներուն համար լայն դաշտ բանալ։
Այս իսկ նպատակով Ետալեան մեկնեցաւ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւան եւ մէկ շաբթուան տեւողութեան, համապատասխան կողմերու հետ իր հանդիպումներուն ընթացքին քննարկեց երկու երկիրներու տնտեսական գործակցութեան հեռանկարներն ու փոխադարձ շահերը, ինչպէս նաեւ 2021-ին Սուրիոյ սահմանած 18 թուակիր ներդրումային օրէնքին լոյսին տակ ներդրումային կարելիութիւններու շահարկումը։ Այս մէկը կրնայ աշխուժացնել երկու երկիրներու տընտեսական գործակցութիւնը եւ Սուրիոյ դէմ սահմանուած արտաքին պատժամիջոցներուն հետեւանքով ներդրումային կորսուած առիթները վերականգնել։
Այս բոլորը այն պահուն, երբ Սուրիա խիստ կարիքը ունի նման գործակցութեան, իսկ աշխարհը տարուած է ուքրանական պատերազմով  եւ համաշխարհային տնտեսական աճի դանդաղեցման վրայ անոր աղէտալի հետեւանքներով։  Այս գործակցութիւնը Ռուսիայէն Հայաստան վերադարձած հայ գործարարներուն համար կարելիութիւն կը ստեղծէ  օգտուելու  Սուրիոյ մէջ ներդրումային այլընտրանքային շահաւէտ առիթներէն։
Ետալեան յայտնած է, որ հայկական կողմին հետ իր շինիչ հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են Սուրիոյ մէջ ներդրումային կարելիութիւնները։ Անոր համաձայն. «Այս քննարկումները տեղի ունեցած են Երեւան այցելութեան շրջագիծին մէջ առեւտրական, արդիւնաբերական եւ գիւղատնտեսական պալատներու դաշնութեան հետ հանդիպումներուն ընթացքին։ Քննարկուած են BOT-ի (առեւտրային համացանցային համակարգ) եւ PPP-ի (գնողական արժէքի համարժէքութեան դրոյքաչափեր) օգտագործումով ներդրումներու կարելիութիւնները եւ երկու երկիրներու առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման միջոցները։ Հայկական կողմին փոխանցուած է արաբերէնէ հայերէնի եւ անգլերէնի թարգմանուած 50 էջանի թղթածրար մը, ինչպէս նաեւ արտահանման յատուկ նիւթերու 13  էջանի ցանկ մը, որ կ’ընդգրկէ 199 յօդուած եւ մաքսային օրէնքի բաժին մը։ Տրամադրուած է նաեւ Սուրիոյ մէջ ներդրումային հարցերու լուսաբանման  յատուկ սկաւառակ մը»։
Ետալեան հանդիպած է նաեւ Հայաստանի առեւտրաարդիւնաբերական պալատի գործադիր տնօրէն Անդրանիկ Ալեքսանեանի եւ ձեռնարկութիւններու տնօրէն Էտկար Մեհրապեանի հետ, ներդրումներու խթանման եւ արտաքին կապերու վարչութեան պետ Ալինա Եղիազարեանի ու արտաքին յարաբերութիւններու տնօրէն Սերժ Ճլղարեանի հետ։ Վերջիններս հետաքրքրուած են Սուրիոյ ներդրումային նոր օրէնքով, որուն շնորհիւ Սուրիոյ մէջ օտար, յատկապէս հայաստանցի ներդրողներու աճը որակական ոստում մը կրնայ արձանագրել։
 Ետալեան ՀՀ Տնտեսութեան Նախարարութեան Զբօսաշրջութեան Կոմիտէի նախագահ Սիսիան Պօղոսեանի հետ հանդիպելով քննարկած է նաեւ զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները եւ յատկապէս Սուրիոյ ծովեզերեան գրաւիչ շրջաններուն մէջ տնտեսական արդիւնաւէտ ներդրումներ իրականացնելու կարելիութիւնները։
Սուրիական-հայաստանեան գործարար խորհուրդի նախագահը հանդիպում ունեցած է նաեւ  Տնտեսական Ծրագրերու եւ Մեծ Ընկերութիւններու Կոմիտէի նախագահ Վազգէն Սաֆարեանի հետ, խորհրդակցելու՝ «Կարեւոր ընկերութիւններու Սուրիոյ մէջ մասնաճիւղեր կամ ներկայացուցչութիւններ ունենալու կարելիութեան մասին, ինչ որ դրական անդրադարձ կրնայ ունենալ երկու երկիրներուն, անոնց գործարարներուն եւ բարեկամ ժողովուրդներուն վրայ եւ մեծ առիթ կը ստեղծէ ներգրաւելու հայաստանցի ներդրողներ եւ նոր դրամագլուխներ, որոնց այնքան կարիքը ունի սուրիական տնտեսութիւնը վերաշխուժանալու համար»։
Ետալեան  այցելեց նաեւ Հայաստանի մէջ Սուրիոյ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Ահմատ ալ-Ազպային։ «Անոր ներկայացուցի Երեւանի մէջ հայաստանեան գործարար կողմերու հետ իմ հանդիպումներուն ամբողջական զեկոյցը, որպէսզի տեղեակ ըլլայ եւ հետեւի երկու երկիրներու տնտեսական գործակցութիւնը նոր մակարդակի վրայ տեսնելու մեր քննարկումներուն, արծարծած մտքերուն եւ առաջարկներուն», ըսաւ Ետալեան։
Ետալեան Երեւանի մէջ ունեցած իր հանդիպումները եզրափակեց այցելելով ՆՍՕՏՏ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, որպէսզի Վեհափառ Հայրապետը տեղեակ պահէ Սուրիոյ եւ Հայաստանի տնտեսական յարաբերութիւններու նախատեսուող փոխշահաւէտ զարգացումին։ Վեհափառ Հայրապետը կարեւոր համարեց այս յարաբերութիւններու զարգացումը տարբեր ոլորտներու մէջ՝ զանոնք հասնելու սուրիացի եւ հայաստանցի ժողովուրդներու եղբայրական ջերմ  յարաբերութիւններու մակարդակին։