2 Մայիսին, Ֆրանսայի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ «Դիմադրութիւն» շարժումի հանրահաւաքը։ Հակառակ չդադրող անձրեւին, Երեւանի մէջ առտուընէ սկսեալ խաղաղ անհնազանդութեան ցոյցեր իրականացուցած են, փակած են շարք մը փողոցներ:
ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ առտուընէ իրականացած անհնազանդութեան ցոյցերուն ընթացքին պաշտօնական տուեալներով բերման ենթարկուած է 244 քաղաքացի, սակայն իրականութեան մէջ այդ թիւը աւելի է՝ մօտաւոր 300 հոգի։ Իշխան Սաղաթէլեան նաև յայտնեց, որ բերման ենթարկուած քաղաքացիները հիմնականօրէն ՝ 99 տոկոսով, արդէն ազատ արձակուած են։
«ՀՀ արժանապատիւ քաղաքացիները, հակառակ բոլոր ճնշումներուն, եղանակային պայմաններուն ու շարք մը դժուարութիւններուն, պինդ եւ ամուր կանգնած են։ Ինչպէս պայմանաւորուած ենք՝ պիտի երթանք մինչեւ վերջ», յայտարարեց ան։ Սաղաթէլեանի խօսքին համաձայն, Նիկոլը Հայաստանի մէջ ունի մէկ յենարան՝ ոստիկանութիւնը։
Ան ըսաւ, որ իրենց հարցը ոչ թէ ոստիկանութեան հետ է, այլ ոստիկանութեան որոշ աշխատակիցներուն, որոնք բացայայտօրէն բռնութիւն կը կիրարկեն քաղաքացիներուն նկատմամբ։
Իշխան Սաղաթէլեան միջազգային հանրութեան՝ Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպանատուներուն, կոչ ուղղեց համարժէք արձագանգելու եւ առարկայական գնահատական տալու իրաւապահ համակարգի կողմէն խաղաղ ցուցարարներու նկատմամբ բռնութեան դէպքերուն։
Ֆրանսայի հրապարակին վրայ հաւաքուած քաղաքացիները «Պայքար, «Պայքար» «Պայքար» վանկարկումներով ուղղուեցան դէպի Մաշտոցի պողոտայ։ Երթի մասնակիցները կը վանկարկէին «Առանց թուրքի Հայաստան», «Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Միացում, պայքար, յաղթանակ»։
Քայլերթի մասնակիցներուն քաղաքացիները կ’ողջունէին իրենց պատշգամներէն եւ լուսամուտներէն։
Երթի ընթացքին կը հնչէին յաղթական պայքարին միանալու կոչեր, հայրենասիրական երգեր։