Երկուշաբթի, 2 Մայիս 2022-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, Հալէպի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն հետ, իսլամական «Ֆըթըր»ի տօնին առիթով շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ Հալէպի կուսակցապետ Ահմատ Մանսուրին, ապա նաեւ Հալէպի Նահանգապետ Հուսէյն Տիապին:
 
Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումներուն, Հոգեւոր Պետերը «Ֆըթըր» տօնին առիթով իրենց շնորհաւորական բարեմաղթութիւնները յայտնեցին Հալէպի կուսակցապետին եւ նահանգապետին, Սուրիոյ Վսեմաշուք Նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ-Ասատին եւ Սուրիոյ ժողովուրդին, մաղթելով արեւշատ եւ ծաղկուն տարիներ։
 
Սրբազան հօր կ՚ընկերակցէին Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ մեթր Սունպուլ Սունպուլեան եւ Ազգ. Վարչութեան անդամներ։