Վերջին 30 տարուան ընթացքին, Արցախը կը դիտարկուի որպէս հայկական քաղաքական դաշտի ամէնէն ազդեցիկ գործօնը:
Այս ժամանակահատուածին Արցախեան պայքարը իր մէջ խտացուցած է հայ ժողովուրդի իտէալներու իրականացման առարկայական իրողութիւնը եւ այդ հանգամանքէն մեկնելով՝ դարձած է հայկական ներուժին կեդրոնացման կիզակէտը:
Պատահական չէ, որ Հայաստանի վերանկախացման շրջանին պետական համակարգին մէջ ձեւաւորուող ընտրախաւին մէջ Արցախեան շարժումի ակունքներուն մէջ կանգնած անձնաւորութիւններ եղած են, իսկ 1998-ին իշխանափոխութեան հիմնական գործօնը եղած է Արցախեան հարցին առնչութեամբ դիրքորոշումի տարակարծութիւնը:
Ժամանակի ընթացքին Արցախեան հիմնահարցի մասին ընտրախաւի տեսակէտներու յստակ արծարծումն ու ներկայացումը կորսնցուցած են իրենց կարեւորութիւնը՝ իրենց տեղը զիջելով քաղաքական կողմնորոշման ուղենիշ դարձած քաղքենի ապրելակերպ քարոզող «լաւ ապրելու» լոզունգին:
Այնուամենայնիւ, 2020-ի պատերազմը եւ հայկական կողմին կրած պարտութիւնը ապացուցեցին, որ քաղքենիութեան տուած քաղաքական դիրքորոշումները մեր պետականութիւնն ու ազգային արժէքները, ըստ ամենայնի, կործանումի ուղիին վրայ կը դնեն:
Վերը նշուածին հիման վրայ՝ վերջին օրերուն Հայաստանի ընդդիմութեան կողմէ սկսած Արցախի օրակարգը Հայաստանի քաղաքական բեմի առաջին օրակարգ դարձնելու գործընթացը արդարացուած է: Անոր միջոցով նախ եւ առաջ կասեցուած է հայկական պետութեան պարտութեան հետեւանքով յառաջացած արժէքային համակարգին անկումը: Անշուշտ, այստեղ կարեւոր համարուած է նաեւ Արցախի տեսակէտը եւ մօտեցումներու հանրայնացումը հայաստանեան դաշտին մէջ: Այդ առումով մինչ այժմ ապարդիւն եղած են ՀՀ իշխանութիւններու կողմէն կիրառուած այն քարոզչական հնարքները, ըստ որոնց Արցախի ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն դիրքորոշումները կը համընկնին ՀՀ իշխանութիւններուն որդեգրած քաղաքականութեան։
14 Ապրիլ 2022-ին, ԱՀ Ազգային ժողովը հրապարակած է յայտարարութիւն, ուր պարզորոշ կերպով կոչ ուղղած է ՀՀ իշխանութիւններուն «հրաժարելու իրենց ներկայ աղէտալի դիրքորոշումէն», որուն միացած են հասարակական ու քաղաքական այլ ուժեր եւս: Այնուամենայնիւ, ՀՀ իշխանութիւնները եւ անոնց կից ու արբանեակ լրատուամիջոցները, «խաղաղութիւն» լսելով կ’ոգեւորուին ու կը փորձեն անտեսել ՀՀ իշխանութիւններուն ուղղուած զգաստացումի՝ Արցախի միասնական կոչը:
ԱՀ Ազգային Ժողովի 14 Ապրիլի յայտարարութենէն ետք, Արցախի պետական, հասարակական գործիչներն ու Ազգային Ժողովի պատգամաւորները բազմիցս անդրադարձած են կոչի իւրաքանչիւր դրոյթին ու մօտեցումներու սկզբունքայնութեան։ Արցախի մէջ տիրող այս միասնական մթնոլորտը կը բազմապատկէ Արցախի վճռական խօսքին ուժն ու կ’արժեւորէ զայն հայկական քաղաքական դաշտին մէջ:
Այսօր նշեալ յայտարարութեան ոգիով եւ սկզբունքներով կ’առաջնորդուի նաեւ ՀՀ ընդդիմութեան եւ հասարակական լայն շրջանակներու կողմէն սանձազերծուած պայքարը:
Ուստի պէտք է արձանագրել, որ ի հեճուկս թուրք-ատրպէյճանական յոխորտանքներուն եւ անոնց քաղաքականութեան նպաստող կեղծ «խաղաղութեան» ջատագովներուն, ՀՀ-ի մէջ ձեւաւորուող լայնածաւալ հասարակական-քաղաքական շարժումն ու Արցախը բնական դաշնակիցներ են:
«Ապառաժ»-ի խմբագրական 
30 Ապրիլ 2022