Սննդաբան Տատիանա Տիկին համաձայն, որոշ համեմունքներ հարկ է անպայման ներառնել մեր սնունդին մէջ, որովհետեւ անոնք կը նպաստեն քաղցկեղի կանխարգիլման:
Անոնք են՝ կասիան, քրքումը, ուրցը (արաբ. զաաթար պարրի), եղեսպակը (արաբ. մարիամիէ) եւ օրիկանօն:
Այս համեմունքները, ըստ մասնագէտին, հարուստ են հակաօքսիտաններով, որոնք ունին հակաքաղցկեղային ազդեցութիւն: Անոնք կը պայքարին նաեւ ազատ արմատներու դէմ:
Կասիան կը նուազեցնէ արեան շաքարը եւ սրտանօթային հիւանդութիւններու վտանգը, կը պայքարի բորբոքումներու դէմ, իսկ քրքումը կը բարելաւէ ուղեղին աշխատանքը եւ կը նպաստէ նիհարնալու:
Մասնագէտը աւելցուցած է նաեւ, որ ուրցը օգտակար է պաղառութեան պարագային, եղեսպակը՝ մարսողութեան խանգարման, իսկ օրիկանօն կը նպաստէ աղեստամոքսային համակարգի աշխատանքին: